Աւստրալա-բրիտանացի նշանաւոր փաստաբան, իրաւաբան-գիտնական Ճեֆրի Ռոպըրթսըն (King’s Counsel, KC) իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ կիրարկուած չափազանց խիստ քրէադատավարական միջոցներու վերաբերեալ՝ ընդգծելով անոր դէմ ներկայացուած մեղադրանքի քաղաքական ենթահողը։ Այս մասին կը հաղորդէ Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանութեան խորհուրդը։
«Ռոպըրթսընի գնահատմամբ՝ նախաքննութեան փուլի ընթացքին կալանքի կիրառումը՝ ուղեկցուած իրաւասու մարմիններու կողմէ ներկայացուած սին եւ անբաւարար հիմնաւորումներով, ինչպէս նաեւ դատարաններու ընդունած չպատճառաբանուած որոշումներով, կը հակասէ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքին եւ միջազգային իրաւունքով նախատեսուած երաշխիքներուն։
Պարոն Ռոպըրթսըն ներկայիս կը դիտարկէ Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանութեամբ զբաղող փաստաբաններու միջազգային խմբակին միանալու եւ այդ խմբակի կողմէ միջազգային կազմակերպութիւններ ներկայացուող հայցադիմումներուն աջակցելու հնարաւորութիւնը։
Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին (ՄԻԵԴ) մէջ ներկայացուածութեան հետագայ փուլերուն կրնայ պաշտօնապէս դիտարկուիլ նաեւ տիկին Ամալ Քլունիի ներգրաւումը այս գործընթացին։ Ճեֆրի Ռոպըրթսըն Doughty Street Chambers ընկերութեան հիմնադիր եւ ղեկավարն է։ Նախապէս ան ներկայացուցած է Հայաստանի շահերը Ամալ Քլունիի հետ՝ ցեղասպանութեան ժխտման իրաւական պատասխանատուութեան գործով։ Ճեֆրի Ռոպըրթսըն ծանօթ է նաեւ իր մեծ նուիրուածութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին»: