image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Երկակի նշանակութեան հանգոյցները

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Երկակի նշանակութեան հանգոյցները

Իրանի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութեան առիթով, արաբական դիւանագիտական աղբիւր մը երկակի նշանակութեամբ բնութագրած էր իրանցի դիւանագէտին այցը: Ըստ իրեն, անիկա մէկ կողմէ քննելու համար էր, թէ Լիբանանը որքանո՛վ պատրաստ է շրջանային հաւանական որեւէ պայթում վերահսկողութեան տակ առնելու, իսկ միւս կողմէ` հաստատելու իբրեւ շրջանային հիմնական դերակատար Իրանի դիւանագիտական ներկայութիւնը:

Իրանեան դիւանագիտական համակարգի ղեկավարին ունեցած հանդիպումներուն եւ կատարած յայտարարութիւններուն մէջ հիմնական ուղերձը կ՛ամփոփուի քանի մը կէտի մէջ:

Պարզ է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը արտաքին հսկայական օժանդակութիւններու պէտք ունի, ոչ միայն հարաւային հատուածի վերաշինութեան, այլ նաեւ ընդհանրապէս պետութեան վերականգնողական աշխատանքներուն ձեռնարկելու համար: Դիմումները բազմակողմանի են, խոստումներ կան, բնականաբար քաղաքական պահանջներու դիմաց, սակայն առայժմ փուլային-կաթիլային կշռոյթներով կ՛իրականանան աջակցութիւնները: Համալիր վերականգնումի ծրագիրի գործադրութիւնը չէ ազդարարուած տակաւին:

Այս առումով ուշագրաւ էր իրանցի նախարարին յայտարարութիւնը. իրանեան ընկերութիւնները պատրաստ են Լիբանանի մէջ վերաշինութեան ջանքերուն նպաստելու, եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ դիմում ներկայացնէ:

Կը հասկցուի, որ դիմում ստացած երկիրներու շարքին չէ Իրանը: Յստակ է, որ առաջադրանք է հարաւի վերակառուցումը եւ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարումը նաեւ շինարարութեան կամ բնակարանային ծրագիրներու մասերով: Իրանը շահագրգռուած պիտի ըլլայ իր ազդեցութիւնը կրող համայնքին այնտեղ վերադարձով եւ քաղաքականօրէն հասկնալի` իսրայէլամերձ շրջաններու մէջ առկայութեամբ: Այստեղ լիբանանեան եւ իրանեան շահերու համընկնում կայ առաջին հայեացքով: Հասկնալի է, որ մեծ ծրագիրը կը պայմանաւորուի իսրայէլեան ուժերու հեռացումով, խաղաղութեան հաստատումով եւ սահմանազատման օրակարգով, այդուհանդերձ Թեհրանի ներկայացուցիչին նման յայտարարութիւնը կ՛ենթադրէ, որ իրենք պատրաստ են ծաւալային աջակցութեան, եթէ Լիբանանը դիմէ:

Այստեղ է հանգոյցը փաստօրէն: Կ՛ենթադրուի, որ դիմելու խոչընդոտ գոյութիւն ունի, միջազգային, գուցէ նաեւ համաարաբական շրջանակներէ, որոնք այլապէս աջակցելու մեծ խոստումներ կատարած են:

Բայց խոչընդոտը բացարձակ չէ եւ դուռը այս ուղղութեամբ ամբողջովին փակուած չէ: Պաշտօնական լրահոսը կը յայտնէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը լիբանանցի պաշտօնակիցին հետ քննարկած է շրջանային ու միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները: Առընթեր կ՛ընդգծուի, որ երկու կողմերը պատրաստ են Պէյրութ-Թեհրան յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալու: Կ՛ընդգծուի ներքին խնդիրներուն չմիջամտելը եւ լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելը: Այս բոլորին լոյսին տակ կ՛առաջադրուի առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնել, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանիլ վերացնելու համար ներդրումներու ու առեւտրական շրջանառութեան առջեւ ծառացած խոչընդոտները:

Ուրեմն կան խոչընդոտներ իրանեան ներդրումներու. ընդ որում` շինարարական կամ վերը նշուած հարաւի վերականգնումի: Այդ պատճառով ալ Լիբանան ցարդ չէ դիմած Թեհրանին աջակցութիւն ստանալու կամ ներդրումային ծրագիրներով շինարարական նախաձեռնութիւններու դիմելու:

Այդ արգելքի վերացումը հիւլէական թղթածրարին շուրջ ընթացող բանակցութիւններէն կախեալ է: Անոր ձախողումը այլ տեղ կրնայ առաջնորդել շրջանը: Իսկ արդիւնաւորումը, որուն նախադրեալները որոշակի առումներով տեսանելի են, այդ խոչընդոտները կը վերացնեն, եւ Իրանը կը համալրէ Լիբանանին աջակցող երկիրներու շարքը:

Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարին կատարած այցելութեան երկակի նշանակութիւնը:

 

«Ա.»