image

Մէկ դար Հայաստանով եւ հայութեամբ. Վահրամ Բրուտեան դարձաւ 101 տարեկան

  Մէկ դար Հայաստանով եւ հայութեամբ. Վահրամ Բրուտեան դարձաւ 101 տարեկան

 

Առիթով մը խօսելով  լրագրող Անոյշ Թրվանցին Բրուտեան մասնաւորապէս ըսած է՝«Մենք հայրենիքի, Հայաստանի մասին տակաւին պզտիկ տարիքէն գիտէինք, կը կարդայինք, կը սերտէինք պատմութիւնը, եւ ձեւով մը երազային եղաւ առաջին այցը, որու ընթացքին կը տեսնես քու հայրենիքը: Այդ տարին որդիս նոր ծնած էր, եւ ես կը փափաքէի զինք մկրտել Հայաստանի մէջ, բայց բժիշկները խորհուրդ չտուին նորածինը բերել: Հետագային այդ երազս իրականացուցի՝ որդիս եւ դուստրս մկրտելով Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Անոնք Սուրբ Էջմիածնի մէջ մկրտուող առաջին սփիւռքահայերէն եղան»։

 Քաջառողջութեան եւ շէնշող օրերու լաւագոյն մաղթանքները կը յղենք մեր հայրենակիցին, մաղթելով, որ յառաջիկային ալ իրեն բախտ վիճակուի անգամ մը եւս Հայաստանուիլ ու վերանորոգ ոգիով պարուրել իր շուրջ եւ իրմով ապրող բոլոր հարազատները։

 

 

Եգիպտահայութեան լայն շրջանակներուն ծանօթ անուն հանդիսացող ՝Վահրամ Բրուտեան հայորդին օրերս նշեց իր ծննդեան 101 -րդ տարեդարձը։

 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բրուտեանի հարազատներէն։

 

 Իր անցած կենսագրութեամբ, տեսակով, մօտեցումներով եւ մանաւանդ հայրենասիրութեամբ արանձնացող Բրուտեանի մասին գրութիւններ լոյս տեսած են տարբեր առիթներով։

 Ան իր միտքն ու հոգին կապած է Հայաստանին ու աւելի քան անգամներ եղած ու ապրած է հայրենիքի կապոյտ երկնակամարին տակ։

 

Յիշեցնենք, որ Վահրամ Բրուտեան ծնած է 1920 թուականին, Գահիրէ։ Ան բնիկ գահիրեցի է, իր հայրը Եգիպտոս հաստատուած է 1900-ականներու սկիզբը՝ Գահիրէ երթալով Ռոտոսթոյէն: Ինք տակաւին պզտիկ տարիքէն կորսնցուցած է հայրը, մեծցած է մօր եւ մեծմօր հոգատարութեամբ եւ ստացած է հայկական կրթութիւն։ Ան շատ կարեւոր նկատեց օտար երկրի մէջ ապրող հայու մը համար հայկական կրթութիւնը: Հետագային իր երկու զաւակներն ալ ղրկած է հայկական դպրոց՝ անոնց մէջ սերմանելով հայերէնի, հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան հանդէպ սէրը եւ այսօր հպարտութեամբ կ՚ըսէ, որ անոնք կ՚ապրին իբրեւ հայեր:

 

 

 Ինչպէս վերը նշեցինք Բրուտեան մեծ սէր կը տածէ Հայաստանի հանդէպ. ինչպէս սփիւռքահայերու մեծ մասը մեծ կապուածութիւն ունեցած է Հայաստանի հանդէպ եւ այդ սէրը կը շարունակէ գոյատեւել առ այսօր։

 Առիթով մը խօսելով  լրագրող Անոյշ Թրվանցին Բրուտեան մասնաւորապէս ըսած է՝«Մենք հայրենիքի, Հայաստանի մասին տակաւին պզտիկ տարիքէն գիտէինք, կը կարդայինք, կը սերտէինք պատմութիւնը, եւ ձեւով մը երազային եղաւ առաջին այցը, որու ընթացքին կը տեսնես քու հայրենիքը: Այդ տարին որդիս նոր ծնած էր, եւ ես կը փափաքէի զինք մկրտել Հայաստանի մէջ, բայց բժիշկները խորհուրդ չտուին նորածինը բերել: Հետագային այդ երազս իրականացուցի՝ որդիս եւ դուստրս մկրտելով Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Անոնք Սուրբ Էջմիածնի մէջ մկրտուող առաջին սփիւռքահայերէն եղան»։

 

 Քաջառողջութեան եւ շէնշող օրերու լաւագոյն մաղթանքները կը յղենք մեր հայրենակիցին, մաղթելով, որ յառաջիկային ալ իրեն բախտ վիճակուի անգամ մը եւս Հայաստանուիլ ու վերանորոգ ոգիով պարուրել իր շուրջ եւ իրմով ապրող բոլոր հարազատները։

 Երկար կեանք ՝ Պրն. Վահրամին։