ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Գիւմրիի մէջ այս տարուան ամառնային ճամբարները պիտի կրեն «Ամարաս» անունը՝ ի յիշատակ Արցախի մէջ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հաստատուած Ամարաս վանքի դպրոցին։ Ճամբարներուն անվճար պիտի մասնակցին Արցախէն տեղահանուած եւ Շիրակ մարզէն կարիքաւոր պատանիներ։
Յուլիսին տեղի ունենալիք ճամբարներէն առաջինին պիտի մասնակցին 8էն 11 տարեկան պատանիներ, իսկ երկրորդին՝ 12էն 16 տարեկան պատանիներ։ Կ՛ակնկալուի մօտաւորապէս 170 պատանիներու մասնակցութիւնը, իսկ ճամբարները տեղի պիտի ունենան յանձնախումբին ջանքերով Գիւմրիի մէջ հաստատուած «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, որ 2016էն ի վեր մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ կը տրամադրէ քաղաքին եւ Շիրակ մարզի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
«Ամարաս» ճամբարներուն մասնակցողները պիտի հետեւին հայոց պատմութեան դասերու, պիտի մասնակցին աշխատանիստերու եւ զանազան հաճելի խաղերու եւ պտոյտներու։
«Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրը կոչուած է հայրենիքին եւ Սփիւռքի միջեւ հաստատ կամուրջ մը հանդիսանալու եւ արդիւնաւէտ ուղեգիծ մը հաստատելու Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի երիտասարդներուն համար: Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը կ՛ապացուցէ այս նպատակին իրականացումը՝ իբրեւ մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայր մը Գիւմրիի մէջ: Անիկա նաեւ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստներ կը տրամադրէ Շիրակի մարզի ուսանողներուն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակել իրենց ծննդավայրին մէջ։
Նշենք, որ կրթանպաստ ստացող ուսանողները սովորաբար կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցեն «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին։ Անոր գործունէութեան կարելի է հետեւիլ Instagram-ի (@shirvanianyouthcenter) կամ Facebook-ի (@gyumriyouthcenter եւ @wearegyumri) միջոցով։
«Ամարաս» ճամբարներուն աջակցելու համար այցելել` gofundme.com/f/support-we-are-gyumris-amaras-summer-camp-2025?attribution_id=sl:88cbb8e7-a6f2-45bc-8e2f 6487ecbc3b03&lang=en_US&ts=1747426815&utm_campaign=man_sharesheet_dash&utm_content=amp13_t1-amp14_t1-amp15_t2&utm_medium=customer&utm_source=copy_link&v=amp14_t1 կայքէջը։
Լուրը՝ «Ասպարէզ»էն