image

Իրանի մէջ «Մոսատ»ի 2 գործակալ ձերբակալուած է

Իրանի մէջ «Մոսատ»ի 2 գործակալ ձերբակալուած է

Իրանը ձերբակալած է Իսրայէլի «Մոսատ» հետախուզական գործակալութեան երկու գործակալ, որոնց մօտ յայտնաբերուած են պայթուցիկ նիւթեր եւ անօդաչու սարքեր, հաղորդած է Tasnim լրատուական գործակալութիւնը՝ յղում ընելով իրաւապահ մարմիններուն։

Ձերբակալուածներու մօտ յայտնաբերուած են 23 անօդաչու թռչող սարքերու համար նախատեսուած սարքաւորումներ, արձակման սարքեր, կառավարիչ, Nissan բեռնատար եւ աւելի քան 200 քկ պայթուցիկ նիւթ։

Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ փոխադարձ հարուածները սկսած են յունիս 13-ի գիշերը: Այնուհետեւ իսրայէլեան կողմը սկսած է «Առիւծի վերելք» գործողութիւնը:

Առաջին յարձակումները իրականացուած են Իրանի միջուկային կառոյցներու վրայ: Թեհրանը պատասխանած է հարիւրաւոր հրթիռներ արձակելով, որմէ ետք իսրայէլեան ինքնաթիռները շարունակած են հարուածել Իրանի տարածքին մէջ գտնուող թիրախները: