Յառաջիկայ սեպտեմբերի 21-ին՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին Պատմութեան թանգարանին մէջ կը բացուի կարեւորագոյն ցուցահանդէս մը՝ «Մայր աստուածութիւն. Անահիտէն՝ Մարիամ» խորագրով: Այս ցուցադրութեան համար Հայաստանի մշակութային ոլորտի պատասխանատուները վաղուց կը պատրաստուին: Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս շուրջ վեց ամիսով Մեծն Բրիտանիայէն Հայաստան կը բերուի Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանին մէջ պահուող հնագոյն ցուցանմոյշ մը՝ Հայկական դիցաբանութեան Անահիտ աստուածուհիի պրոնզեայ գլուխը խորհրդանշող կիսանդրին՝ նոյն կերպարին պատկանող պրոնզաձոյլ ձեռքին հետ: Նախքան Քրիստոս 2-1 դարու պատկանող այս գանձը ուշագրաւ պատմութիւն ունի:
1873 թուականին Կայլ գետի վերին հոսանքի շրջանը գտնուող Սատաղ բնակավայրին մէջ (որ ներկայիս Թուրքիոյ Կիւմիւշհանէի մարզի Սատաք բնակավայրին կը համապատասխանէ) հողագործական աշխատանքներու ժամանակ յայտնաբերուած Անահիտ աստուածուհին պատկերող պրոնզեայ գլուխը, ինչպէս յայտնի է՝ մէկ տարի յետոյ ձեռք բերած է Բրիտանական թանգարանը եւ մինչ օրս Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաքի մէջ գտնուող այդ թանգարանի կարեւոր ցուցանմոյշներէն է, որպէս հելլէնական ժամանակաշրջանի արձանային մասունք:
Զայն կը պահուի թանգարանի թիւ 22՝ «Յունական եւ հռոմէական հնութիւններ» վերտառութեամբ ցուցասրահին մէջ, որպէս յունական Աֆրոտիթ աստուածուհիի կիսանդրի («Սատաղեան Աֆրոտիթ»)։ Արձանի պատկանելիութեան շուրջ վէճը մինչ օրս կը շարունակուի, որոշ մասնագէտներ այս կիսանդրին կը վերագրեն նոյնիսկ հռոմէական դիցաբանութեան Վեներա աստուածուհիին։
ԱԼԻՇԱՆԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ
Բրիտանական թանգարանի այս նմոյշի մասին իր դիտարկումները տակաւին 1890 թուականին յայտնած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Ղեւոնդ Ալիշանը՝ իր «Այրարատ» աշխատութեան մէջ պնդելով, որ պրոնզէ մասունքը կը պատկանի հայոց դիցարանի պտղաբերութեան եւ մայրութեան աստուածուհի Անահիտին: Բազմաթիւ գիտնականներ որդեգրած են Ալիշանի այս տեսակէտը՝ նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ գտածոյի յայտնաբերման վայրի մերձակայքը՝ Եկեղեաց գաւառի Երիզա (Երզնկա) բնակավայրին մէջ գտնուած է Անահիտ աստուածուհիի գլխաւոր տաճարը։
Իսկ ընդհանրապէս Անահիտ աստուածուհիի պաշտամունքային վայրերը հռչակաւոր էին թէ՛ Մարաստանի Էքպաթանի, թէ՛ Կոմակէնի, թէ՛ Պոնտոսի եւ թէ Մարաշի մէջ: Հայաստանի մէջ Եկեղեաց գաւառի Երիզայէն զատ յայտնի էր նաեւ Հայաստանի հին մայրաքաղաք Արմաւիրը, ուր նոյնպէս Անահիտի պաշտամունքի վայր եղած է: Անահիտի տաճարներ կային պատմական Հայաստանի զանազան վայրերու մէջ, յատկապէս Տարօն ու Վասպուրական, ուր դրուած են աստուածուհիի ոսկէ, արծաթէ, պղինձէ եւ քարէ արձանները։
Ղեւոնդ Ալիշան իր «Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց» աշխատութեան մէջ նաեւ կը ներկայացնէ զանազան կրօնքներու մէջ եղած Անահիտին դերը եւ կ՚աւելցնէ, որ բոլոր ազգերու մէջ ամենաշատը «անահտապաշտ» էին հայերը, եւ հայոց Անահիտն է նախատիպը բոլոր ազգերու Անահիտներու:
Ուստի, այսօր Անահիտ աստուածուհիի արձանային մասունքը կարեւոր իմաստաւորում ունի հայկական իրականութեան մէջ եւ կը խորհրդանշէ նախաքրիստոնէական շրջանի հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը։ Անահիտ հայոց աստուածուհիին վերաբերող ցուցանմոյշներ կան նաեւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ, եւ Մեծն Բրիտանիայէն բերուող արձանիկը պիտի ցուցադրուի նոյն նիւթով եւ ընհանրապէս մայրութիւնը խորհրդանշող այլ իրերու հետ միասին:
Անցեալին քանի մը անգամ փորձ կատարուած է Անահիտ աստուածուհիի բրիտանական նմոյշը Հայաստան վերադարձնելու, սակայն այդ մէկը, թանգարանային միջազգային չափանիշներով անհնար է:
2012 թուականին Հայաստանի մէջ ստորագրահաւաք տեղի ունեցած է՝ այս գաղափարը իրականութիւն դարձնելու համար: Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի նախաձեռնութիւնն էր այս մէկը, եւ Անահիտ դիցուհիի արձանի մասունքները հայրենիք վերադարձնելու անոնց պահանջագիրին տակ հաւաքուած է շուրջ 20 հազար ստորագրութիւն:
Նոյն թուականին բազմաթիւ երիտասարդներ հաւաք կազմակերպած էին Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանութեան մօտ՝ պահանջելով վերադարձնել մասունքները: Սակայն մասնագէտներ պարզաբանած են, որ այդ մէկը անկարելի է, քանի որ Բրիտանական թանգարանը գնած է Անահիտի պրոնզաձոյլ գլուխն ու ձեռքերը, եւ ատոնք թանգարանի անձեռնմխելի սեփականութիւնն են: Հայաստանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանն ալ յայտնած է, որ ժամանակաւոր ցուցադրութիւն հնարաւոր է, սակայն մշտական վերադարձ՝ ո՛չ:
Անահիտ աատուածուհիի գլուխը պատկերող արձանը միջազգային բազմաթիւ ցուցահանդէսներու մասնակցած եւ կրկին վերադարձած է իր մշտական պահպանման վայր: Ըստ թանգարանային միջազգային կանոններու, եթէ նոյնիսկ թանգարանները կը համաձայնին վերադարձնել իրենց մօտ պահուող արուեստի նմոյշները, ապա ատոնք կը վերադարձուին այն երկրին, ուր անոնք յայտնաբերուած են: Անահիտ աստուածուհիի մասունքները գտնուած են Թուրքիոյ տարածքին, եւ եթէ վերադարձի հարց ըլլայ, ապա իրաւատէրը, ինչպէս մասնագէտները կը պարզաբանեն, Թուրքիան է: Բրիտանական թանգարանը, սակայն չի քննարկեր զայն որեւէ տեղ վերադարձնելու հարցը: Երկու դար առաջ հնավաճառներէ գնուած այս թանկարժէք գտածոն թանգարանի հարստութիւններէն է:
Հայաստանի մէջ ցուցադրութիւնը իրականութիւն դարձած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Բրիտանական թանգարանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան շնորհիւ:
2023 թուականին Բրիտանական թանգարանին մէջ բացուած է «Շքեղութիւն եւ ուժ․ Պարսկաստանէն Յունաստան» խորագրով միջազգային ցուցադրութիւնը, որուն մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը՝ իր հաւաքածոյէն այդ ցուցադրութեան տանելով երեք բացառիկ նմոյշ՝ Արմաւիրէն գտնուած ոսկեայ կրծքազարդը, կաւէ ցլակերպ ծիսանօթը (Նախքան Քրիստոս 6-5-րդ դարերու պատկանող) եւ Արտաշատէն գտնուած կաւէ արջակերպ ծիսանօթը (Նախքան Քրիստոս առաջին դարու պատկանող)։
Այս ցուցադրութեան ընթացքին ալ Բրիտանական թանգարանի պատասխանատուներուն հետ տեղւոյն վրայ կատարուած են բանակցութիւններ՝ Անահիտի պրոնզէ գլուխը Հայաստան ցուցադրութեան բերելու: Մասնաւորապէս Բրիտանական թանգարանի տնօրէն Հարթուիկ Ֆիշըրի եւ թանգարանի այլ պատասխանատուներուն հետ հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսիսեան, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։ Հանդիպումներու ընթացքին երկու թանգարաններու միջեւ համագործակցութեան եւ ուրիշ ցուցադրութիւններու հարցեր նոյնպէս քննարկուած են, այս գործակցութիւնը շարունակութիւն պիտի ունենայ:
ԱՂՄՈՒԿ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Այս ցուցանմոյշի՝ Հայաստանի մէջ ժամանակաւոր ցուցադրութեան առթիւ աղմուկ յառաջացած է հայ հանրութեան որոշ շրջանակներու մէջ: Աղմուկի հիմնական պատճառը այն է, որ ոմանք չեն ընդունիր հեթանոսական շրջանի պաշտամունքի արձանային մասունքը քրիստոնեայ երկրի մը մէջ ցուցադրուիլը, այն պատճառաբանութեամբ, որ այդ մէկը ձեւով մը տուրք է՝ կուռքերուն եւ չաստուածներուն: Ցուցահանդէսը, սակայն, միայն հեթանոսական շրջանին վերաբերող նիւթերով պիտի չսահմանափակուի: Զանազան ժամանակաշրջաններու պատկանող ցուցանմոյշները կը հասնին մինչեւ քրիստոնէական շրջան եւ ատկէ ետք՝ ցոյց տալով հայոց պաշտամունքը գեղեցկութեան, մայրութեան, պտղաւորութեան, արգասաբերութեան հանդէպ: Անահիտ աստուածուհիի պաշտամունքը Հայաստանի մէջ, յառաջացած է անյիշելի ժամանակներէն եւ սերտօրէն կապուած եղած է մայր ծնողի հանդէպ յարգանքին։ Անահիտ անձնանունը թէ՛ անցեալին, թէ՛ ալ այսօր մեծ տարածում ունի հայ աղջիկներուն ու կանանց շրջանակներուն մէջ:
ԱՆԱՀԻՏ
Անահիտը հին հայկական դիցաբանութեան մէջ պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան աստուածուհի ըլլալէ առաջ վաղ շրջանին նաեւ ռազմի աստուածուհին էր: Հայկական դիցաբանութեան գերագոյն աստուծոյ՝ Արամազդի դուստրը կը նկատուի (որոշ տուեալներու համաձայն եղած է Արամազդի կինը, ոչ թէ՝ դուստրը)։ Անահիտը Արամազդի եւ Վահագնի հետ հայկական դիցարանին մէջ կը կազմէր աստուածային սուրբ երրորդութիւն։
Անահիտի կերպարի մարմնաւորումը իր արտացոլումը գտած է նաեւ այլ ժողովուրդներու դիցարաններուն մէջ, մասնաւորապէս պարսկականին՝ Անահիտային, յունականին՝ Արտեմիսին, հռոմէականին՝ Տիանային, եգիպտականին՝ Նիիթին մէջ։
Հայոց մէջ Նաւասարդի սկիզբը (օգոստոս 11-ին) մեծ շուքով կը նշուէր Անահիտի գլխաւոր տօնը՝ կապուած բերքի հասունացման հետ։ Տօնախմբութիւնները կը վերածուէին պտղաբերութեան տօնի, որուն ժամանակ բազմաթիւ ուխտաւորներ կը հաւաքուէին Անահիտին նուիրուած մեհեաններուն շուրջ։ Ծիսակատարութիւնները կ՚ուղեկցուէին աղօթքներով, երգերով, խնջոյքներով։ Քրիստոնէութեան հաստատումէն ետք Անահիտի պաշտամունքը վերածուած է Մարիամ Աստուածածնայ պաշտամունքի։
Անահիտը նկատուած է նաեւ խոհեմութեան ու պարկեշտութեան մայրը, մարդոց սնուցող, ապրեցնող ու փառաւորող աստուածուհի։ Զինք կոչած են Ոսկեմայր, Սնուցող մայր, Մեծ տիկին, Ոսկեծղի, Ոսկեմատն։ Անոր անունով կը կոչուէր հայկական հեթանոսական տոմարի ամիսներուն 19-րդ օրը։
Բարձր Հայքի Եկեղեաց գաւառի Երիզա աւանին մէջ, ուր տաճարը եղած է, անոր պաշտամունքը այնքան տարածուած էր, որ ամբողջ գաւառը կոչուած է նաեւ Անահիտական։ Նախքան Քրիստոս 34 թուականին հռոմէացի զօրավար Մարքոս Անթոնիոս, պարթեւական արշաւանքի ժամանակ թալանած է տաճարի հարստութիւնը։ Անոր զինուորները ջարդած են Անահիտի վիթխարի ոսկեձոյլ արձանը, բաժնած՝ իրարու մէջ ու տարած Հռոմ։ Լուրեր տարածուած են, թէ Անահիտի արձանին վրայ յարձակած առաջին զինուորը կուրացած, այնուհետեւ խելագարուած ու մահացած է։
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ
Լոնտոնի ամենամեծ եւ աշխարհի ամենանշանակալի արուեստի եւ պատմութեան թանգարաններէն նկատուող Բրիտանական թանգարանը պատմութեան իւրատեսակ խառնարան մըն է։ Թանգարանի ֆոնտերուն քանակը կը գերազանցէ 8 միլիոնը, որով այն կը դասուի աշխարհի ամենամեծ թանգարաններու կարգին: Հոս ներկայացուած են բոլոր մայրցամաքներու մշակութային հիմնական շերտերը՝ պատմական եւ գեղագիտական զարգացմամբ։ Մշակութային այս կառոյցը հիմնուած է 1753 թուականին՝ հիմնուելով գիտնական եւ հաւաքորդ Հանս Սլոունի անձնական հաւաքածոյի վրայ։ Առաջին անգամ հանրութեան առջեւ բացուած է 1759 թուականի յունուարին: Թանգարանը բաղկացած է տասը բաժիններէ, որոնք կը ներկայացնեն Ափրիկէի, Ովկիանիայի, Ամերիկայի, Եգիպտոսի եւ անթիք Սուտանի, Յունաստանի եւ Հռոմի, Ասիայի տարածքներու, Միջին Արեւելքի մշակոյթը, Եւրոպային եւ նախապատմական շրջանին վերաբերող նմոյշներ, մետաղադրամներ եւ մետայլներ, արուեստի, գիտութեան այլ վաւերագրեր:
Բրիտանական թանգարանին մէջ հայկական մշակութային արժէքներու թիւը նոյնպէս մեծ է: Զանազան պատճառներով հայկական մշակոյթի նմոյշներու բազմաթիւ գանձեր ցրուած են աշխարհով մէկ, եւ Բրիտանական թանգարանն ալ իր յարկին տակ կը պահէ մեր պատմութիւնը խորհրդանշող իրեր:
Աշխարհահռչակ այս թանգարանին մէջ ուրարտական եւ յետուրարտական շրջանի պատմամշակութային մեծ արժէք ներկայացնող ցուցանմոյշները երկար ժամանակ, ինչպէս յայտնի է՝ «Հնագոյն Թուրքիա» անուան տակ ցուցադրուած են: Թանգարանի տնօրէնութեան հետ երկար բանակցութիւններ տարուած են՝ սրահին անունը հայկական դարձնելու: Եւրոպայի Հայկական միութիւններու ֆորումը կ՚առաջարկէր սրահը վերանուանել «Ուրարտու. հնագոյն Հայաստան»ի: 2015 թուականի օգոստոսին միայն «Հնագոյն Թուրքիա» սրահը Բրիտանական թանգարանին մէջ, երկար քննարկումներէ ետք վերանուանուած է «Անատոլիա եւ Ուրարտու»։
Սրահի վերանուանման պահանջով ստորագրահաւաքին մասնակցած է աւելի քան 12 հազար մարդ:
«Անատոլիա եւ Ուրարտու» բաժնին մէջ ցուցադրուած առարկաներու գրեթէ 90 տոկոսը հոն տարուած է պատմականօրէն Հայկական լեռնաշխարհ անուանուած տարածքէն: Ատոնք ուրարտական շրջանի առարկաներ են՝ մետաղեայ ու կաւէ սափորներ, զէնքեր, գօտիներ, սաղաւարտներ, զարդեր, քարէ եւ վանակատ հրաբխային քարէ պատրաստուած գործիքներ:
Ակնառու են այդ սրահին մէջ ցուցադրուող երեք կարմիր սափորը, որոնց պեղման վայր նշուած է Կարմիր բլուրը, որ հնավայր է Երեւանին մերձ:
Արժէքաւոր իրեր կան նաեւ Բրիտանական թանգարանին կից գործող գրադարանին մէջ, ուր հայկական մշակութային արժէքներու թիւը ձեռագրերու տեսքով 175 է: Թանգարանի ամենակարեւոր մատեաններէն է 1200-1201 թուականներուն թուագրուող՝ Երզնկայի մօտ գտնուող Աւագ վանքին մէջ Վարդան Գրիչի կողմէ գրուած ձեռագիրը:
Թանգարանի նշանաւոր ձեռագրերէն է նաեւ Կիլիկեան թագավորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ 1280-ին Ստեփանոս Վահկացիի ընդօրինակած Աւետարանը: Ձեռագրի երբեմնի տէրն էր Հեթում առաջին թագաւորի եղբայրը՝ Օշինի որդին՝ Թորոսը, իսկ յետագային զայն դարձած է Նոր Ջուղայի քաղաքապետի որդիի՝ Խոճա Նազարի սեփականութիւնը: Բրիտանական թանգարանի մէջ կը պահուին նաեւ հայկական մանրանկարչութեան ուշ շրջանի ծաղկողներէն մէկուն՝ Ջուղայեցիի կողմէ զարդարուած երեք ձեռագիր մատեանները: Այս բոլորէն զատ, Լոնտոնի թանգարանին մէջ կան նաեւ կիրառական արուեստի նմոյշներ, գաւազաններ, խեցեղէն, վարագոյրներ, գորգեր: Այցելուները միշտ կը գրաւեն Կուտինայի մէջ ստեղծուած խեցեգործական իրերը:
Անուշ Թրուանց
Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն