image

Մասիացոտնի Թեմէն ներս թանկագին հիւրեր. Հիւրերն ընդունած է Գերշ. Տ. Գէորգ արք. Սարոյեանը

Մասիացոտնի Թեմէն ներս  թանկագին հիւրեր. Հիւրերն ընդունած է Գերշ. Տ. Գէորգ արք.  Սարոյեանը

Մասիացոտնի Թեմի դիմատետրեան էջէն «Արեւելք» կը կարդայ ՝

Օրերս Հայաստանի Արարատ Մարզի Մասիացոտնի Թեմի առաջնորդ  Տ. Գէորգ եպս. Սարոյեան ընդունած է Արեւելքի Ասորական եկեղեցւոյ Իրանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի թեմերու առաջնորդ Մար Նարսայ Բենիամին եպիսկոպոսը, վերջինիս Թեմ այցելութեան ծիրէն ներս:

2 յուլիսին Մասիացոտնի թեմի Առաջնորդ Տ. Գէորգ եպս. Սարոյեան ընդունեց Արեւելքի Ասորական եկեղեցւոյ Իրանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի թեմերու առաջնորդ Մար Նարսայ Բենիամին եպիսկոպոսը եւ Հայաստանի մէջ Արեւելքի Ասորական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Տ. Նիքոտեմոս քորեպս. Եուխանաեւը (եպիսկոպոսի փոխանորդ):

Սրբազան Հայրը, ողջունելով հիւրերը, իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ եւ Արեւելքի Ասորական եկեղեցւոյ միջեւ փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման համար։ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս նշեց, որ ասորական համայնքները Մասիացոտնի թեմին մէջ կարեւոր ներկայութիւն ունին:

Մար Նարսայ Բենիամին եպս. իր հերթին երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդ Սրբազան հօր՝ ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց Հայ եւ Արեւելքի Ասորական եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութիւնը։ Արեւելքի Ասորական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գէորգ Սրբազանին՝ ասորական համայնքի նկատմամբ հոգատար ու բարեացակամ վերաբերմունքի համար։ Անգամ մը եւս ողջունելով Ասորական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսի այցը Մասիացոտնի թեմ՝ Սրբազան հայրը շնորհաւորեց զինք վերջերս Հայաստանի մէջ հոգեւոր ծառայութեան կոչման առթիւ՝ մաղթելով հոգեւոր արդիւնաւոր առաքելութիւն։