image

«Համաս» Իսրայէլին յանձնեց երկու սպանուած իսրայէլացի պատանդներու աճիւններ

«Համաս» Իսրայէլին յանձնեց երկու սպանուած իսրայէլացի պատանդներու աճիւններ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ՝ Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի զինուորականներուն յանձնուած են եւս երկու մահացած պատանդներու աճիւններ։

«Արմենփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը։

Յայտարարութեան համաձայն՝ դատաբժշկական փորձագէտները շուտով Իսրայէլի մէջ պիտի կատարեն նոյնականացման ընթացակարգ։

9 Հոկտեմբերին, Եգիպտոսի, Քաթարի, ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ, Իսրայէլ եւ «Համաս» համաձայնած են իրականացնել ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ներկայացուած խաղաղութեան ծրագրի առաջին փուլը։ Կազայի մէջ հրադադարը ուժի մէջ մտած է 10 Հոկտեմբերին, իսկ 13 Հոկտեմբերին «Համաս»-ը եւ անոր դաշնակիցները ազատ արձակած են 20 ողջ մնացած իսրայէլացի պատանդները եւ յանձնած չորս մահացած գերիներու աճիւններ։ Յաջորդ օրերուն «Համաս» Իսրայէլին յանձնած էր եւս քանի մը մահացած իսրայէլացիներու աճիւններ։