Մանրամասնութիւններ Օշական շրջանին մէջ եղած արկածէն. Զոհուած էին չորս երեխաներ

Մանրամասնութիւններ Օշական շրջանին մէջ եղած արկածէն. Զոհուած էին չորս երեխաներ

Հոկտեմբեր 25-ին Արագածոտնի մարզի Օշական գիւղին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական վթարի հետեւանքով չորս անչափահաս տղայ զոհուած է. երեքը՝ դէպքի վայրին մէջ, մէկը՝ 3 օր անց Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոնին մէջ։

Ինքնաշարժի վթարը տեղի ունեցած է գիւղի մուտքին. 16-ամեայ Էտուարտ Գրիգորեանի վարած «Մերսետես» մակնիշի մեքենան բախած էր ընկոյզի հաստաբուն ծառին, ապա մօտակայ ելեկտրասիւնին, որու հետեւանքով մեքենային մէջ հրդեհ տարածուած է։ Էտուարտին, մեքենային մէջ գտնուող 17-ամտայ Կարէն Պօղոսեանին, 17-ամեայ Միհրան Միրիջանեանին հրշէջները մեքենայէն դուրս հանած են մոխրացած վիճակի մէջ։ 16-ամեայ Ալպերթ Ներսիսեանը կրցած է մեքենայի վերնամասի պատուհանէն դուրս գալ, սակայն հիւանդանոցին մէջ կեանքը չեն յաջողած փրկել։

Տղաներու երկարամեայ դասղեկը՝ Գոհար Բրեան, մեծ ցաւով կը յիշէ իր ժպտադէմ աշակերտները. «Վերջին օրը, երբ արձակուրդ պէտք է գնայինք, դասղեկի ժամ արեցինք, ուզում էի տղաների հետ զրուցել, դասարանն էլ կարգի բերեցինք։ Այդ օրն առաւել ակտիւ էին Միհրանն ու Կարէնը։ Իրենց ձեռքով բոլոր անկիւնները շտկեցին, կարգի բերեցին, դասաւորեցին, դրական նոտայի վրայ աւարտելով՝ իրենց ուղարկեցի արձակուրդ։ Միհրանը մնաց իմ յիշողութեան մէջ ժպիտով։ Նրանք շատ ամօթխած էին, հենց գովում էի, կարմրում էին անմիջապէս։

Նշենք, որ դէպքի առնչութեամբ Արագածոտնի քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։