image

Նոր գիրք՝ «Արաս» հրատարակչատունէն. Գաղտնագրուած երկխօսութիւն՝ Չարենցի եւ Օշականի միջեւ

Նոր գիրք՝ «Արաս» հրատարակչատունէն. Գաղտնագրուած երկխօսութիւն՝ Չարենցի եւ Օշականի միջեւ

«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց գրականագէտ Մարկ Նշանեանի նոր՝ «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը, որ հայ գրականութեան երկու տարբեր աշխարհներ՝ Եղիշէ Չարենցի եւ Վահէ Օշականի ստեղծագործական ժառանգութիւնը, կը դնէ նոյն քննադատական հարթակին վրայ։

Գիրքը լոյս տեսած է հրատարակչատան «ԿԱՄ Մատենաշար»էն եւ 320 էջով կը ներկայացնէ հեղինակի երկարամեայ գրականագիտական ու փիլիսոփայական մտածողութեան նոր հանգրուան մը։

Նշանեանի համար Չարենցի եւ Օշականի կողք կողքի ներկայութիւնը պատահական չէ։ Չարենցի պարագային առանցքային են Սովետական Հայաստանի պատմական իրականութիւնը, յեղափոխութեան փորձառութիւնը եւ «հայրենիք»ի փնտռտուքըը, մինչ Օշականի գրականութիւնը կը բանայ Սփիւռքի գոյավիճակի, լեզուի եւ ինքնութեան հարցերը։

Հեղինակը այս երկու տարբեր փորձառութիւնները կը ներկայացնէ իբրեւ գրական աշխարհներ, որոնք մէկզմէկու կը հակադրուին, բայց միաժամանակ իրարու հետ կը խօսին։ Հատորի հիմնական հարցերէն մէկն այն է, թէ ինչպէ՞ս պատմութիւնը կը մտնէ բանաստեղծութեան մէջ եւ ի՞նչ կը պատահի լեզուին, երբ գրողը ստիպուած է արտայայտել հայրենիքի, կորուստի, յիշողութեան եւ ինքնութեան փորձառութիւնները։

Չարենցի պարագային Նշանեան լուսարձակի տակ կ'առնէ պատմութեան եւ սուգի հետ կապուած լեզուական հարցերը, իսկ Օշականի արձակին ու քերթողութեան ընդմէջէն կը հետեւի Սփիւռքի մէջ լեզուի եւ գրականութեան աստիճանական փոփոխութեան։ Այս իմաստով «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն»ը պարզապէս երկու բանաստեղծներու համեմատական ուսումնասիրութիւն մը չէ, այլ հայ գրականութեան երկու տարբեր գոյավիճակներու հանդիպման փորձ մը։

Գիրքը կը փորձէ երեւան հանել այն «չգրուած կապը», որ կը միացնէ հայրենական վերադարձի գաղափարը եւ Սփիւռքի «վերջին վկայ»ի փորձառութիւնը։ Հատորը խմբագրած են Թագուհի Սիւսլիւեան եւ Վահագն Քէշիշեան։

Գալով հեղինակին, յիշեցնենք որ Մարկ Նշանեան երկարամեայ հայագէտ եւ գրականութեան տեսաբան է։ Ան Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանի հայագիտական ամպիոնը վարած է 1995-2007 տարիներուն, իսկ 2015ին դասաւանդած է Իսթանպուլի Սապանճը համալսարանին մէջ։ 1980էն ի վեր կը հրատարակէ «Կամ» հանդէսը, իսկ 2024էն սկսեալ իր խմբագրութեամբ «Արաս» հրատարակչատունը կը հրատարակէ «ԿԱՄ մատենաշար»ը։