Մալթան խորապէս մտահոգուած է Ատրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղի հայերու նկատմամբ վերջին գործողութիւններէն՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին յայտարարած է Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Իան Պորկը:
«Մի քանի շաբաթ առաջ էր, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը բոլոր կողմերուն կոչ ըրաւ կառուցողական երկխօսութիւն ծաւալելու: Նման գործողութիւնները խոչընդոտ են խաղաղութեան ճանապարհին: Մալթան կը դատապարտէ ցանկացած գործողութիւն, որ կը վտանգէ քաղաքացիների կեանքը: Կրկին կոչ կ'ընենք պաշտպանելու կիները, երեխաները, տարեցները, յաշմանդամութիւն ունեցող անձերը եւ այլ խոցելի խումբերը:
Տեղի բնակչութեան տեղահանութիւնը, աւիրածութիւնները, մարդկային կորուստները դատապարտելի են: Կոչ կ'ընենք առանց խոչընդոտներու հրատապ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու անոնց, որոնք ամենաշատը ատոր կարիքն ունին: Թշնամական եւ վտանգաւոր հռետորաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ ապատեղեկատւութեան եւ կեղծ տեղեկատւութեան տարածումը կը յանգեցնեն կողմերու միջեւ անվստահութեան, ուստի կոչ կ'ընենք զերծ մնալու ատոնցմէ»,- նշած է Պորկը:
Ան կոչ ըրած է ամբողջովին դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները եւ յարգելու հրադադարը: