Միացեալ Նահանգներ- ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը քիչ առաջ վաւերացուց Իրանի եւ 5+1 երկիրներու միջեւ կնքուած համաձյանագիրը: Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու նիստին, (որ ցարդ կ'ընթանայ) ՄԱԿ-ը միաձայնութեամբ վաւերացուց ամիսներէ ի վեր սպասուած համաձայնագիրը: Նշենք, որ ՄԱԿ-ի համաձայնագրին վաւերացման օրինագիծը կը կրէ 2231 թիւը: