SHANTNEWS․am-ի տեղեկութիւններով՝ երկարատեւ, ծանր հիւանդութենէ ետք մահացած է հետախոյզ Գոհար Լեւոնի Վարդանեանը։
Վաստակաւոր հետախոյզը ծնած է 25 յունուար 1926-ին Հայաստանի Լենինական (Գիւմրի) քաղաքին մէջ: 1930-ականներու սկիզբը ընտանիքով տեղափոխուած են Իրան:
16 տարեկանին միացած է իր ապագայ ամուսինի՝ Գէորգ Վարդանեանի հակաֆաշիստական խումբին։
1943-ին այդ խումբի կազմին մէջ մասնակցած է Թեհրանի խորհրդաժողովի անվտանգութեան ապահովման գործողութեան, որու ժամանակ կանխուած է Սթալինի, Ռուզվելթի եւ Չըրչիլի դէմ հիթլերեան յատուկ ծառայութիւններու մահափորձը:
Գոհար Վարդանեանը պարգեւատրուած է Կարմիր դրօշի, Հայրենական պատերազմի II աստիճանի շքանշաններով եւ բազմաթիւ մետալներով։