image

Մահացած է Նոր Սիս շրջանի նուիրեալ Դաշնակցական երիտասարդ ՝ Ռաֆֆի Քէմանեանը

 Մահացած է Նոր Սիս շրջանի նուիրեալ Դաշնակցական երիտասարդ ՝ Ռաֆֆի Քէմանեանը

Ռաֆֆի Քեմանեանի մահով շրջանը կը կորսնցնէ արի երիտասարդ մը, որուն նուիրական ոգին հայելին է այն կուսակցութեան ՝ ՀՅԴ-ին, որուն անխոնջ զինուորն էր Ռաֆֆին իր ամբողջ էութեամբ։

Աւարտին պէտք է հաստատել, որ Ռաֆֆի նման «խոնարհ հերոսներ»ն են, երէկ, այսօր եւ միշտ, որոնք պատիւ եւ աւիւն տուած են հայաշխարհի բոլոր ճակատներուն վրայ պաշտպանութեան վեհ դրօշակը բարձր պահող՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։

 Նոր Սիս շրջանի անցեալը միշտ ալ ուրոյն տեղ ունեցած է լիբանանահայութեան կեանքին մէջ։ Երկար տարիներ Դաշնակցութեան ամրոց հանդիսացող Նոր Սիսը մասնաւորապէս 1940-ական թուականներէն սկսեալ համարուած է կուսակցութեան սրտին թարմ արիւն հասցնող հայկական բնակավայր ու մայր երակ։

 Ուշագրաւն այն է անշուշտ, որ Նոր Սիսի շրջանը եղած է յայտնի ու փայլած է շնորհիւ անձնուէր դաշնակցականներու անձնուրացութեամբ։ 

 Նախ «Պաղ պատերազմ»ի օրերուն ու ապա հասնելով մինչեւ Լիբանանը արիւնաքամ ըրած քաղաքացիական պատերազմի ամենատարբեր փուլերը Նոր Սիսը ունեցած է առանցքային դեր ու եղած է նաեւ հայապահպանութեան անառիկ բերդ ու անխախտելի ամրոց։

Այս նախաբանը կը գրուի այն պահուն, երբ Նոր Սիս շրջանի մեր հայրենակիցները վարակուած են ցաւի մեծ ալիքով իմանալէ ետք շրջանի հեզ ու յարգուած ընկերներէն ՝ Ռաֆֆի Քեմանեանի մահուան բօթը։

Ռաֆֆին, որ  35 տարեկան էր ունեցած է ուղեղի կաթուած, որ նաեւ պատահական արդիւնքով եղած դէպք մը չէ, այլ աւելին։

 Անոր տխուր մահուան պատկերը նաեւ հայելին է, թէ ինչպիսի բարդ օրեր կ՚անցնեն մեր հայրենակիցները պայմանաւորուած այն ծանր պայմաններով, որմէ կ՚անցնի վիրաւոր Լիբանանը։

 Ռաֆֆի, որ անցած է ՀՅԴաշնակցութեան բոլոր «դպրոցներ»էն եղած է պատանի, Լեմական ու ապա կուսակցական գործիչ, իսկ վերջին տարիներուն ան եղած է անդամ շրջանի ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան ու շնորհիւ իր կամքին ու Դաշնակցական մարդու անեղծ նկարագրին շահած է շրջանի բոլոր ընկերներուն ու հայրենակիցներուն համակրանքն ու անմնացորդ սէրը։ 

Այդ կը վկայեն իր մասին «Արեւելք»ին հասցուած տեղեկութիւնները, որոնք շեշտակիօրէն կը պատմեն իր լուռ, բարեացակամ եւ մեծերուն ու փոքրերուն հետ հաւասարապէս շփուելու եւ ընկերանալու իր իրական յատկանիշները։ 

Վաղ հասակէն կեանքի ասպարէզ նետուած ընկ. Ռաֆֆին յատուկ համբերութեամբ եւ մեծ ուշադրութեամբ եւ երէց ընկերոջ նկարագրային գծով եղած է սիրուած ընկեր մասնաւորապէս շրջանի պատանիներուն եւ իրմէ կրտսեր տարիքի տէր երիտասարդներուն կողմէ։

 Տակաւին վերջին տարիներուն շրջանին մէջ ստեղծուած ընկերային ծանր տագնապերուն լուծումներ բերելու ընդհանուր զօրաշարժին մէջ Ռաֆֆին ունեցած է ուրոյն դեր օժանդակութեան հասնելով շրջանի համեստ ընտանիքներուն։