Արժանթինի Հայ Կեդրոնի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 5 Օգոստոսին սրտի կաթուածի հետեւանքով յանկարծամահ եղած է կեդրոնի նախագահ Ալպէրթօ Ճէրէճեան: Ան միաժամանակ նախագահն էր Պօղոս եւ Սիրանոյշ Արզումանեան բարեսիրական հիմնարկի: Ճէրէճեան հոգիով նուիրուած է հայ գաղութի ծառայութեան ու անոր վերելքին, որպէսզի միշտ բարձր պահուի հայ գաղութին անունը տեղական շրջանակներուն մէջ եւ յաչս պետութեան: Անցեալ տարի Ալպէրթօ Ճէրէճեանի գլխաւորութեամբ ու գաղութային բոլոր կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ մեծ շուքով նշուեցաւ հարիւրամեակի ոգեկոչումը բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ ձեռնարկներով: Այս տարի Պապին Հայաստան այցելութեան ան կրկին գործի լծուած էր կազմակերպչական ճամբով, որովհետեւ Արժանթինի գաղութէն մեծ թիւով ազգայիններ մեկնած էին Հայաստան, դիմաւորելու համար արժանթինցի Պապը: