image

Մահացած է Աղաւնոյի մէջ իր տունը հրկիզած Արման Հայրապետեան

Մահացած է Աղաւնոյի մէջ իր տունը   հրկիզած Արման Հայրապետեան

Մահացած է գորիսեցի Արման Հայրապետեան, որ Աղաւնոյի մէջ իր տունը  հրկիզած էր:

Այս մասին տեղեկացուցած են Գորիսի համայնքապետարանէն:

Յիշեցնենք, որ Աղաւնոն Ատրպէյճանին յանձնուելէն   ետք եւ  իր տունէն դուրս ելլելէն առաջ Հայրապետեան այրած էր այն, ան ըսած էր «Վառել եմ տունս, որ թուրքը չգայ ապրի տանս մէջ»։ 

Արման Արցախեան պատերազմին հերոսացած Մհեր Հայրապետեանի աւագ եղբայրն էր։