image

Ատրպէյճանի մէջ նախագահի թեկնածուները պիտի կարողանան քարոզչութիւն ընել բռնագրաւուած Կովսականի, Շուշիի, Բերձորի եւ Աղաւնոյի մէջ

Ատրպէյճանի մէջ նախագահի թեկնածուները պիտի կարողանան քարոզչութիւն ընել բռնագրաւուած Կովսականի, Շուշիի, Բերձորի եւ Աղաւնոյի մէջ

Փետրուար 7-ին Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք արտահերթ նախագահական ընտրութիւններուն նախագահի թեկնածուները պիտի կարողանան նախընտրական քարոզչութիւն ընել բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ: Այս մասին յայտնի դարձած է տեղի լրատուամիջոցներէն։

Ատրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը քարոզարշաւի համար տեղեր յատկացուցած է բռնագրաւուած Կովսականի, Շուշիի, Բերձորի եւ Աղաւնոյի մէջ:

Յայտնի է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ընտրական յանձնաժողովներ ձեւաւորած են եւ 26 ընտրատեղամաս ստեղծած. այնտեղ պիտի քուէրակէ մօտ 23 հազար ընտրող։