Սպիտակ տունը Սուրբ Վալընթայնի օրուան առիթով հրապարակած է Կրինլանտի, Վենեզուելայի նախկին նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի եւ գաղթականներու պատկերներով բացիկներ՝ զաւեշտալի գրառումներով։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ բացիկները ներկայացուած են X ընկերային ցանցին մէջ։
Կրինլանտին նուիրուած բացիկին վրայ կատարուած է հետեւեալ գրառումը. «Եկած է մեր յարաբերութիւններուն վերաբերող իրավիճակը յստակեցնելու ժամանակը»։
Ամերիկեան օդանաւին մէջ պատկերուած Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյին նուիրուած բացիկը կ՚ուղեկցուի «Դուն գրաւեցիր իմ սիրտը» գրառումով։
Առանձին բացիկ մը եւս նուիրուած է գաղթականներուն հետ կապուած իրավիճակին։ Անոր վրայ գրուած է. «Իմ սէրը քու նկատմամբդ ուժեղ է այնքան, որքան դեմոկրատները կը սիրեն անօրինական ներգաղթեալները»։
