image
Հրատապ լուրեր:

Լոյս տեսած է Դոկտ. Երուանդ Քասունիի նոր աշխատութիւնը՝ նուիրուած Փրոֆ. Յակոբոս Ճէճիզեանի

Լոյս տեսած է Դոկտ. Երուանդ Քասունիի նոր աշխատութիւնը՝ նուիրուած Փրոֆ. Յակոբոս Ճէճիզեանի

Պէյրութէն վերահասու կը դառնանք Դոկտ. Երուանդ Քասունի ծանօթագրած եւ վերահրատարակած է Փրոֆ. Ճէճիզեանի 1873 թուականի «Ուղերձ Բնիկ եւ Արենակից Աշխատանքի Համար» բանախօսութիւնը։ 

Այս մասին կը կարդանք ՄԱՀԱԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Փրոֆեսօր Յակոբոս Ճէճիզեան, ԺԹ. դարու հանրածանօթ Հայ Աւետարանական մտաւորական, դասախօս եւ աշխարհական քարոզիչ, միաձուլուած քրիստոնեայ եւ հայ ինքնութեան մասին յստակ բանաձեւում արտայայտեց, ինչ որ անհրաժեշտ է ամէն ժամանակին, բայց մանաւանդ մեր օրերուն։ Վերջերս Դոկտ. Երուանդ Քասունի ծանօթագրեց եւ վերահրատարակեց Փրոֆ. Ճէճիզեանի 1873 թ.ի այս «Ուղերձ Բնիկ եւ Արենակից Աշխատանքի Համար» բանախօսութիւնը։ Ճէճիզեանի խօսքը ոչ միայն վեր կ՚առնէ ամերիկեան միսիոնարներու դժուարութիւնը՝ հայուն մշակութային կապուածութիւնը ընդունելու, այլ նաեւ տոկուն Հայ եւ Քրիստոնեայ ըմբռնում մը կը ձեւաւորէ ու կը ներկայացնէ։ Գիրքը տրամադրելի է ՄԱՀԱԵՄի Հրատարակչական Գրասենեակէն։