Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ընդունած է «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը եւ յանձնած պետական բարձր պարգեւ։
Երուանդ Զօրեանը պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալով՝ Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի, երկարամեայ անխոնջ գործունէութեան եւ նուիրումի համար։
Նախագահ Խաչատուրեանը շնորհաւորած է Երուանդ Զօրեանը եւ մեծապէս գնահատած անոր գործունէութիւնը՝ ընդգծելով, որ վերջինիս կատարած աշխատանքն անգնահատելի է ոչ միայն բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացման, այլեւ Հայաստանի հզօրացման գործին մէջ:
«Դուք օրինակելի ճանապարհ էք անցել եւ Ձեր գործունէութեան ընթացքում մշտապէս գործել էք հայրենիքին եւ պետութեանը ծառայելու բարձր գիտակցութեամբ»,- նշած է Հանրապետութեան նախագահը։
Երուանդ Զօրեանն իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է նման պարգեւի եւ գնահատանքի համար՝ նշելով, որ հայրենիքը իր համար միշտ եղած է առանձնայատուկ արժէք եւ պիտի շարունակէ ծառայել՝ նոյն նուիրումով եւ պատասխանատւութեամբ։