Ծանօթացէք, փոքրիկ Դանիէլն է, որ իր ընտանիքի 13-րդ զաւակն է, երեխայի ծնելու լուրը հաղորդած են «Շէնգաւիթ» հիւանդանոցէն։
43-ամեայ Քրիսթինէ Միքայէլեանը կը պատմէ, որ 3 աղջիկ ունի եւ արդէն 10 տղայ, երեխաներէն ամենամեծը 22 տարեկան է: Արմավիրի մարզին մէջ բնակող բազմազաւակ ընտանիքի վերջին 4 երեխաները ծնած են «Շէնգաւիթ» հիւանդանոցին մէջ:
Դանիէլը լոյս աշխարհ եկած է «Շէնգաւիթ» Բժշկական կեդրոնի մանկաբարձ-կնոջաբան Արման Եսայկանի օգնութեամբ:
Փոքրիկը կը կշռէ 3,6 քկ, հասակը` 52սմ: