Ինչպէս գրականութեան, նաեւ լուսանկարչութեան արուեստի մէջ կարելի է խօսիլ «Պոլսի դպրոց»ի մը մասին։ Յիրաւի, լուսանկարչութեան գիւտէն այս կողմ միշտ պատնէշի վրայ եղան պոլսահայ լուսանկարիչները։
Սկսելով Ապտուլլահ եղբայրներէ, հասնելով Արա Կիւլերի մեծ նուաճումին, չափազանցութիւն մը պիտի չըլլայ խօսիլ պոլսահայ լուսանկարչական դպրոցի մը մասին։
Սոյն դպրոցի կարեւոր սաներէն է այժմ Նիւ Եորքաբնակ Սարգիս Պահարօղլու, որ վերջերս այցելեց քաղաքս։ Այս առիթէն օգտուելով «Ակօս»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք թերթիս վաստակաւոր լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի իր պաշտօնակցին հետ կատարած հարցազրոյցը։
Չուզեցի յաճախակի հարցումներով ընդհատել, քանի որ Սարգիս առաջին վայրկեանէն սկսեալ շատ սահուն կերպով կը պատմէր ինչ որ հարցնել պիտի ուզէի։ Հետեւաբար խօսքը ուղղակիօրէն կը թողում իրեն։
«Վեց հատ գիրք ունիմ։ Քովիտի ժամանակ տպած գիրքերս են։ Այսքան տարի նկարած եմ։ Նկարները փոշի կը հաւաքէր։ Ոմանք նեկաթիւ էին, չէի տպած անգամ։
Քովիտի օրերը անցեալ աշխատութիւններուս վերանայելու համար առիթ մը ստեղծեց։ Այդ օրերուն վերարժեւորուած էր լուսանկարիչներու միջեւ հաղորդակցութիւնը ապահովող «Անաֆօտ» անուն հարթակը։ Այդ հարթակի վրայ լուսանկարիչներ իրարու հետ կը շփուէին եւ կարծիքի փոխանակումներ կ՚ըլլար։ Քովիտը ամբողջ աշխարհի վրայ մարդկանց նոր տեսլականներ թելադրեց։ Չէ որ վաղը անորոշ էր։ Այդ խորհուրդներու մէջ թափ տուի ցարդ կատարած գործերս դասաւորելու աշխատութեան։ Անցեալին՝ տակաւին Պոլիս գտնուած տարիներուս արդէն հրատարակած էի իմ գործերը ընդգրկող երկու գիրքեր։ «Ականատես» անուանումով այդ գիրքերէն ետք, այժմու պայմանները կը դժուարացնէին հրատարակութիւնը։ Խնդիրը սահմանուած չէր տպագրական ահռելի ծախսով միայն։ Տպագրուած գիրքին ընթերցողին հասնիլն ալ ինքնին բազմածախս պատկեր մը կը պարզէր։
Ներկայ ժամանակները իր հետ բերին նաեւ նոր լուծումներ։ Փոխանակ տպարանի մէջ որոշ տպաքանակով գիրքեր պատրաստելէ, կարելի էր պահանջի համաձայն նոյնիսկ մէկ օրինակ տպագրել։ Սակայն այս դրութիւնն ալ իր կարգին բազմածախս էր։ Երբ «Ամազոն» ընկերութիւնը շատ աւելի նուազ ծախսով պատուիրուածը տպելու եւ առաքելու առաջարկ բերաւ, խնդիրը ինծի համար ալ լուծուած եղաւ։
Հիմա այդ ընկերութեան միջոցաւ կարելի է հասնիլ իմ վեց գիրքերուն, սկսելով աղօթքը նիւթ առնող առաջին աշխատութիւններէն, մինչեւ վերջին գործերս։
Հաւատքի ամենաինքնաբուխ արտայայտութիւնն է աղօթքը։ Այս շարքի առաջին նկարները առնուած են Պոլսոյ Պալաթ թաղի Սուրբ Հրեշտակապետ Եկեղեցին։ Այդ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան օրին ո՛չ միայն քրիստոնեայ, այլեւ իսլամադաւան ահագին ժողովուրդ եկեղեցի կը փութան փրկութիւն գտնելու համար։ Հաւատացեալներ, յատկապէս ալ հաշմանդամներ կամ անոնց ծնողները հրաշքի մը ակնկալութեամբ կը գիշերեն եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։ Անդին այդ մաքուր հաւատքը շահագործողներ ալ պակաս չեն։ Անոնք այդ օր նոյն մատաղցու ոչխարը կամ աքլորը կրկին ու կրկին վաճառելով, քահանաներ այդ մատաղցուներու օրհնութեամբ կը փորձեն իրենց քսակը ալ աւելի ուռեցնել։ Բայց ինծի համար այդ ականատեսի վկայութիւններու կողքին շատ աւելի ուշագրաւ են աղօթողներու հայեացքները։ Անոնք մերթ սրբանկարի մը դիմաց են, մերթ գլուխը խոնարհած իրենց ներքնաշխարհին մատնուած, բայց բոլորն ալ նոյն յոյսերով ու ակնկալութիւններով դիմած են Ամենակալին։
Աղօթքի խորհուրդը ինծի համար սահմանուած չէ այս կամ այն կրօնքով։ Արդարեւ Պոլսոյ Պալաթ թաղի ապրումներու նմանը անմահացնելու համար այս անգամ ոսպնեակս ուղղած եմ հրէից Եոմ Քիփուրի «Քափարոս» արարողութեան, Նիւ Եորքի մէջ։ Հոս ալ Պալաթի նման մէկ կողմէն ինքնամփոփուած հաւատացեալները, միւս կողմէն աքլոր վաճառողները կարծես թէ նոյն երթիկին տակ տարբեր հոգերով տարուած են եւ ես աշխատեցայ այդ զգացումները ձերբակալել տեսախցիկի միջոցաւ։ Կը կարծեմ թէ այդ գիրքին մէջ հաւաքած իւրաքանչիւր լուսանկար իր ետին ահագին միտքերու եւ խորհուրդներու ճամբայ կը բանայ։ Զանազանութիւնը եւս հետաքրքրական էր։ Ես յաջողեցայ արիւնլուայ գոգնոցով մսավաճառի կամ աւանդական տարազներով հրեայ հաւատացեալի ապրումները նկարել։
Քուպա դարձեալ հետաքրքրական փորձ մըն էր։ Աշխարհի վրայ երկար տասնամեակներ մեկուսացած այս երկիրը բնութագրող տեսանիւթերը մէկ կողմ դնելով փորձեցի մարդկանց առօրեան նկարել։ Թերեւս ալ ինձմէ առաջ ոչ մէկը նկարած է այս համայնավար երկրի մէջ մոմը ձեռին աղօթող մէկը։
Լուսանկարիչի վաստակը պահը ձերբակալելն է։ Պահ՝ որ կրկնութիւն չունենար։ Այդ էր, ապրուեցաւ ու վերջ։ Ահա այս է «Ականատես» բառի իմաստը նաեւ։ Այսօր Պալաթ թաղի մէջ Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցին եւս կանգուն է, բայց իմ նկարած ապրումները գոյութիւն չունին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը այդ օր կատարուած զեղծարարութիւնները կանխելու միտումով ահագին նոր կանոնադրութիւններ գործադրեց եւ եկեղեցւոյ շրջաբակէն դուրս հանեց մատաղցու վաճառականները։
Թերեւս ալ այսօր Նիւ Եորքի մէջ Եոմ Քիփուրի տօնակատարութիւնը աւելի տարբեր կ՚իրականանայ։
Նկարչական կեանքիս մէջ պատահականութիւնները միշտ կարեւոր դեր ունեցան։ Պատահականութիւններու բերմամբ նոր դռներ բացուեցան իմ դիմաց, կամ ալ բաց դռներ փակուեցան։
Լուսանկարչութեան հանդէպ առաջին ուշադրութիւնս գոյացաւ Կեդրոնական Վարժարանի աշակերտութեան տարիներուն։ Դպրոցէ ներս ունէինք լուսանկարչական ակումբ, որ կը գլխաւորէր թուաբանութեան ուսուցիչ Ոսկիան Շեշետեանը։ Բացի այդ Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ ալ Զաւէն Պաքըրճը անուն նախկին շրջանաւարտ մը սկսած էր այս նիւթով դասաւանդել։ Տակաւին կարգին քամերա մը չունէի այդ օրերուն։ Երբ կեանքի կոչուեցաւ «Իֆսաք», այսինքն Իսթանպուլի Լուսանկարիչներու ակումբը, հազիւ այդ ժամանակ ընկերոջս Մինաս Օֆլազի հետ միասնաբար քամերայի մը տիրացանք։ Յիշելով կը ստուգէինք թէ որ քատրը ով նկարած է։ Ուշագրաւ է, որ դպրոցի լուսանկարչական ակումբի անդամներէն Տայք Տանձիկ այսօր ալ «Իֆսաք»ի նախագահն է։ Նոյն հետաքրքրութիւնով հետեւեցայ շարժանկարի արուեստին մէջ Թուրքիոյ առաջին դպրոցի նախափորձը դարձած դասընթացքներուն։ Այդ հետաքրքրութեամբ արձանագրուեցայ Մարմարա Համալսարանի մամլոյ եւ հրատարակութեան բաժնին։ Նոյն տարիներուն ստանձնեցի անուանի լուսանկարիչ Արա Կիւլերի օգնականի պաշտօնը։ Արան մինչեւ այդ միշտ առանձին աշխատած մէկն էր։ Առաջին անգամ ինձմով ունեցաւ օգնական մը։ Այդ աշխատութիւնը առիթ դարձաւ, որ ունենամ նոր ծանօթութիւններ։ Արդարեւ ամերիկացի մը Արայի կողքին իմ նկարներն ալ տեսնելով առաջարկեց Սան Ֆրանսիսկոյի մէջ ցուցահանդէս մը սարքել։ Սկիզբը շատ ալ լուրջի չէինք առած այս աշխատանքը։ Բայց յետոյ ստացանք երկու նամակներ եւ գործը հետզհետէ լուրջ բնոյթ ստացաւ։ Աւելի ուշ այդ նոյն ցուցահանդէսը կրկնուեցաւ նաեւ Փորթլընտի մէջ եւ լաւ արձագանգներ ունեցաւ։ Այդ միջոցին ինծի համար շատ կարեւոր երեւոյթ էր Արայի նման աշխարհահռչակ մի այլ լուսանկարիչի, Ժոզէֆ Քունելքայի հետ ծանօթանալը։ Անոնք բարեկամներ էին եւ Ժոզէֆ, երբ որ Իսթանպուլ կու գար կը մնար նաեւ Արայի աշխատանոցը։ Այս տեսակ կերպարներու գոյութիւնը անգամ ուժ կը ներշնչէ։ Ես այդ զգացումը ապրեցայ Պալաթի նկարահանումներու ժամանակ։ Երկու հսկաներ Արա Կիւլեր եւ Ժոզէֆ Քունելքա ուսերուս վրայէն կը հետեւէին աշխատանքիս։
Եկած էր պարտադիր զինուորական ծառայութեան ժամանակը։ Գացի եւ կատարեցի այդ ծառայութիւնը։ Վերադարձիս ինչ որ կը կարծէի մնացած տեղէն շարունակել, այդպէս չեղաւ։ Նախ Արա Կիւլեր, որ կը սիրէր առանձին աշխատիլ, ինձմէ ետք դժուարացաւ առանձին մնալու։ Նոր օգնականը ստանձնած էր նաեւ վարորդի պարտականութիւնը եւ ընդմիշտ իր հետ էր։ Կը զգայի որ իմ գոյութիւնը հետզհետէ աւելորդ դարձած է։ Մանաւանդ կը յիշեմ դէպք մը, որ այս համոզումին տեղի տուաւ։ Կը կազմակերպուէին «Իսթանպուլի Ֆիլմի Օրեր» անունով ծրագիր մը, որ շուտով պիտի վերածուէր Իսթանպուլի Ֆիլմի Փառատօնի։ Մամուլի թղթակիցներ դիմելով յատուկ տոմսեր կը ստանային բոլոր ցուցադրութիւններուն ազատօրէն հետեւելու համար։ Այդ շրջանին ես կ՚աշխատակցէի նաեւ պոլսահայոց «Մարմարա» օրաթերթին։ Թերթի անունով դիմում կատարուեցաւ, բայց այդ դիմումը մերժուեցաւ «Դուք փոքր թերթ մըն էք եւ կրնաք միւս թերթերէն արտատպել» գրուած պատասխանով մը։ Արա Կիւլեր զայրացաւ այս պատասխանին, որ բաւական արհամարհական էր այդ ժամանակ 80 տարիներէ աւելի վաստակ ունեցող թերթի մը համար։ Իսկոյն իր զայրոյթը փոխանցեց հանրածանօթ շարժանկարի քննադատ Աթիլլա Տորսային, որ բնաւ մեղք չունէր այս անիմաստ եւ տգեղ որոշումին մէջ։ Եկուր տես որ Արայի այդ հակազդեցութիւնը անհանգստացուց իր կնոջ։ Ես այնպէս տպաւորուած էի թէ Արան՝ որ համաշխարհային արժէք մը դարձած էր, երբ հետաքրքրուէր հայկական որեւէ խնդրի հետ, իր կինը իսկոյն կ՚անհանգստանար։
Ատկէ ետք է, որ մասամբ դէպքերու զարգացումով, մասամբ ալ իմ նախընտրութիւններով հաստատուած եղայ Նիւ Եորք»։
Հարցազրոյցը՝ Պերճ Արապեանի
Նիւթը՝ «Ակօս»էն