image

Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ…

Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ…

… ուր ամենայն իղձ կ՛աւարտի»:

Կամ թերեւս` ոչ անպայման: Իղձերը կրնան փոխուիլ, վերանորոգուիլ, աւարտիլ միայն աւարտին հետ:

Քառասուն տարի առաջ մարմնային իղձ էր պայքարը, մրցակցութիւնը, մարտական արուեստի կիրարկումը` հասնելու համար իւրաքանչիւր հարուածի կատարեալին…

«Hier encore j՛avais vingt ans,

je caressais le temps…»

Քառասուն տարի յետոյ մարմնային իղձն է բարելաւել շարժումը` առանց երբեք կատարեալին խաբկանքն ունենալու, ուշադիր ըլլալ մտքի եւ շարժումի փոխկապակցութեան վերահսկողութեան, մարմնի հաւասարակշռութեան պահպանումին, ժամանակին հետ նոյնանալ մետիթասիոնի լռութեան մէջ:

Քառասուն տարի առաջ քունկ ֆուի սեւ գօտին էր` պատերազմի թոհուբոհին եւ սփիւռքեան պահանջատիրական պայքարի Ժամանակի Ոգիին մէջ ծնունդ առած եւ հայաշխարհով մէկ տարածուած Հայկական սեւ գօտիներու միութեան առաջին սերունդներուն շարքին:

Քառասուն տարի յետոյ` թայ չի, մարտական արուեստ մը, որ մարտահրաւէր չէ դիմացինի զգետնումին, պարզապէս այլընտրանք մը` ժամանականցնող մարմնին անխուսափելի ցաւերը դիմակայելու կոչուած դեղահատերու, բժիշկներու, կամ ալ պարզապէս խաբուսիկ հանգստաւէտութեան յանձնուելով` շարժումը լքելու փորձութեան:

Թայ չին կարելի է կիրարկել պարզապէս որպէս մարզանք` հանրային զբօսավայրերու մէջ յատկապէս շաբաթավերջերուն յայտնուող խմբային վարժութիւններու դասական պատկերին տարբերակով, կամ` մարտարուեստի կիրարկման յատուկ մարզավայրին (թաթամի) մէջ: Բայց կրնաս եւ որոշել ականջալուր ըլլալ իղձին` աւելի առաջ երթալու, տարբեր գոյնի գօտիներու յաջորդականութեամբ մուտք գործելու աշխարհաճանաչողական նոր տեսադաշտի մը մէջ, ուր տարբեր կիրառական փորձառութիւններ եւ Արեւմտեան հոգեմշակութային կազմաւորման դիմաց նոր հորիզոններ բացող մտածողութեան մը մարտահրաւէրը կը սպասեն քեզի, երբ սեւ գօտիի առաջին մակարդակին կը հասնիս ամիսներու յատուկ դասընթացքէ ետք:

Շնորհակալութիւն կը յայտնես բոլոր անոնց, որոնք այդ ուղիին վրայ եղան ու պիտի շարունակեն ըլլալ դասատու մասթըրներդ:

Բայց ամէն արարողութենէ, շնորհաւորութիւններէ, ուրախ ողջագուրումներէ ետք, երբ առանձին կը մնաս, յիշողութիւնդ կ՛երթայ քառասուն տարի առաջ առաջին եւ յաւերժական Մասթըրին` Կարօ Քեպապճեանին:

Այս նոր սեւ գօտին քու անթառամ յիշատակիդ է, դուն եղար այս ճամբան բացողը:

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն

 

 

 

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...