image

«Այսօր ականատեսն ենք Եգիպտոսի վերածնունդին».Տօքթ. Արմէն Մազլումեան

 «Այսօր ականատեսն ենք Եգիպտոսի վերածնունդին».Տօքթ. Արմէն Մազլումեան

 Օրերս Եգիպտական մամուլի առաջատար՝ «Ռոզ ալ Եուսէֆ» հանդիպումներու շարք մը կայացուցած է երկրին մէջ առանցքային եւ ազդեցիկ դեր ունեցող գործիչներու հետ, որոնց շարքին է նաեւ մեր հայրենակից Եգիպտոսի հայկական համայնքի յարգուած գործիչ, Հայ Դատի յանձնախումբի  ատենապետ՝ Տօքթ. Արմէն Մազլումեան։ 

 Ստորեւ (թարգմանաբար՝ արաբերէնէ) մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Տօքթ. Արմէն Մազլումեան հնչեցուցած խօսքը։

Ինծի համար մեծ պատիւ է, որ ըստ «Ռոզ Ալ Եուսեֆ» ամսագիրի վերջին թիւին համարուիմ մէկը Եգիպտոսի այն 56 հասարակական անձնաւորութիւններէն՝ քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, խորհրդարանի ներկայացուցիչներ եւ հոգեւորականներ, որոնք խօսած են երկրի յառաջիկայ շրջանի անվտանգութեան, կայունութեան եւ եգիպտացի ժողովուրդի վերածնունդի եւ բարգաւաճման շարունակականութեան մասին:

Յատուկ շնորհակալութիւն հեղինակաւոր «Ռոզ Ալ-Եուսեֆ» հաստատութեան եւ անոր քաղաքական ամսագիրին, որ առաջատար արաբական  աշխարհին մէջ, եւ որ հիմնադրուած է տիկ. Ֆաթիմա Ալ Եուսեֆի կողմէ 25 հոկտեմբեր, 1925-ին: Այսօր անոր խմբագիրն է Մամլոյ ծառայութիւններու միացեալ ընկերութեան լրատուական բաժնի ղեկավար, լրագրող գրող՝ Ահմէտ Ալ Թահիրի։

Ստորեւ կը ներկայացնեմ իմ խոնարհ տեսլականը՝ «Ժողովուրդի փիլիսոփայութիւնը անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ընտրելուն մէջ յաջորդ սահմանադրական իրաւասութեան»նիւթին առընթեր նշելով, թէ Այս առանցքային շրջան մըն Եգիպտոսի ժամանակակից պատմութեան մէջ, եւ այն կը ներկայացնէ ընդամէնը շատ կարճ պահ մը՝ համեմատած ազգերու կեանքին հետ: Քաղաքական եւ անվտանգութեան անկայունութեան ժամանակաշրջանէ մը ետք, որ լեցուն էր մարտահրաւէրներով տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակով եւ Եգիպտոսի բոլոր ասպարէզներուն վրայ ազդեց բացասական հետեւանքներով։ 

Ժողովուրդը շրջապատի հարցերով իրազեկ ղեկավարութեամբ կրցաւ վերականգնել երկրի կարողութիւններն ու ազգային սկզբունքները, ուղղուիլ դէպի կայունութիւն եւ մշակել երկարաժամկէտ ծրագիր հիմնական եւ կարեւոր փոփոխութիւններու ենթակառուցուածքներու, տնտեսական, ընկերային քաղաքականութեան վերաբերեալ եւ լուծել բարգաւաճման մարտահրաւէրները, որոնցմէ տառապեցանք երկար ժամանակ առանց գտնելու արմատական լուծումներ, եւ այս բոլորը հասնելու Եգիպտոսի վերածնունդին, որ պիտի տանի իր ժողովուրդը դէպի փայլուն ապագայ: Ազգերու զարթօնքը տեղի չ'ունենար մէկ օրուան մէջ, այլ կը պահանջէ տարիներու ծրագրաւորում եւ աշխատանք...: Մենք այլընտրանք չունինք բացի շարունակել զարգացման գործընթացը..., որպէսզի մեր զաւակներն ու թոռները վայելեն անոր արգասիքներն ու բարիքները...: Այստեղ կը կայանայ կարեւորութիւնը զբաղելու մեր երիտասարդներու կրթութեամբ ու միտքի զարգացմամբ, որպէսզի անոնք եւս մասնակից դառնան մեր հայրենիքի՝ Եգիպտոսի վերածնունդին եւ բարգաւաճման աշխատանքին, որովհետեւ անոնք կը ներկայացանեն ազգի մը կեանքի զսպանակն ու ապագան»։

 

Նիւթը՝ «Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Թ.Գասպարեան