image
Հրատապ լուրեր:

«Խոր ցաւ եւ ընդվզում». Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ յղած է Վատիկանին

«Խոր ցաւ եւ ընդվզում». Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ յղած է Վատիկանին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ լուրերը տարածող՝ «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝

Ուրբաթ, 11 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան, Վատիկանի Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատուին` կարտինալ Ք. Կուճերոթիին ուղղած իր նամակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Վատիկանի Կրեկորեան համալսարանին մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող «Քրիստոնէութիւնը Ազրպէյճանի մէջ» անունը կրող համագումարին, իր խոր ցաւն ու ընդվզումը յայտնեց: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ յիշեալ համագումարին միակողմանի կերպով կազմակերպումը, առնչուած անոր քննարկելիք նիւթերուն ու դասախօսներուն, յատկապէս հայ եկեղեցւոյ հետ աղերս ունեցող նիւթերուն, եւ հայ դասախօսներուն բացակայութիւնը, բացայայտ անարդարութիւն մըն է պատմական ճշմարտութեան դէմ:

Վեհափառ հայրապետը կարտինալ Կուճերոթիին, որ յայտնի հայագէտ մըն է, յիշեցուց, որ քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ սերտ յարաբերութիւն գոյութիւն ունեցած է հայ ու աղուանից եկեղեցիներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ գործօն ու կազմակերպ ներկայութիւնը Արցախի մէջ մինչեւ ներկայ օրերը: Նոյն նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած բռնի տեղահանումը Արցախի հայ ժողովուրդին` իբրեւ արդիւնք անոր ցեղասպանական քաղաքականութեան: Միաժամանակ վեհափառ հայրապետը ընդգծելով Վատիկանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած դրական մօտեցումը Արցախի հայութեան առնչուած հարցերուն նկատմամբ` ըսաւ, թէ վստահ ենք, որ Վատիկանի իշխանութիւնները չեն բաժներ յիշեալ համագումարին միակողմանի ու անճիշդ մօտեցումները: