24 Ապրիլի առաւօտեան՝ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի 110րդ տարելիցին, տեղի պիտի ունենայ ուխտագնացութիւն մը դէպի Քալիֆորնիոյ Սոլվենկ քաղաքը՝ ծաղկեպսակ մը զետեղելու համար դանիացի հայասէր աւետարանիչ, «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Եաքոպսոնի («Մայրիկ») կիսանդրիին առջեւ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Կազմակերպութեամբ «Նոր Վերնատուն» մշակութային միութեան եւ «Մարիա Եաքոպսոնի («Մայրիկ») Բարեկամներ»ուն, տեղի պիտի ունենայ ուխտագնացութիւն մը դէպի Քալիֆորնիոյ Սոլվենկ քաղաքը՝ յատուկ հանդիսութեամբ մը ծաղկեպսակ մը զետեղելու համար անոր կիսանդրիին առջեւ:
Ուխտագնացութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ ի առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ՝ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի 110րդ տարելիցին։ Դանիացի հայասէր աւետարանիչ, «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր «Մայրիկ»ին յիշատակը յարգողներէն կը խնդրուի ներկայ գտնուիլ։
Մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել վերապատուելի Ճօ Մաթոսեանին՝ (818) 384-6885, կամ Պետրոս Անսրեանին՝ (213) 880-0141:
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Մարիա Եաքոպսոնի Բարեկամներ»էն)