Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը «բաւականին օգտակար» որակած է Անթալիոյ միջազգային դիւանագիտական ֆորումի շրջածիրէն ներս ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումը:
«Եթէ անգամ հանդիպումը հարցեր լուծելու հնարաւորութիւն չէ տուած, հնարաւորութիւն եղած է աւելի մանրամասն քննարկել կողմերու դիրքորոշումները, անոնց փաստարկներն ու հիմնաւորումները, ուստի իմ գնահատականն այն է, որ հանդիպումն օգտակար էր», -ըսած է ան։