Լոս Անճելոսի հայկական համայնքը օրերս ձեռնարկով մը պատուած է ամերիկահայ յայտնի լուսանկարիչ, հայկական եօթը ֆիլմերու արտադրիչ, Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան ափի հայ հեռատեսիլի ծրագիրներու հիմնադիր, հայկական համով-հոտով երգերու բառերուն, երաժշտութեան եւ գործիքաւորման հեղինակ` Սարգի Մուրատեանը։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Լոս Անճելոս տպագրուող «Մասիս» պարբերականը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անցեալ ամիս տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին ներկայացուած է Մուրատեանի նորատիպ՝ երգարանի շնորհանդէսը:
Երգարանին կցուած է նաեւ Սարգի Մուրատեանի 63 երգերու ձայնապնակ (CD) մը: Ձեռնարկին ներկայ եղած է Լոս Անճելոսի ընդհանուր հիւպատոս` Տիար Արմէն Բայբուրդեան:
Կը նշուի, որ երգարանը հաւաքած, խմբագրած եւ պատրաստած է ծանօթ արուեստագէտ եւ լրագրող Մարթին Շիրինեան եւ գիրքի հրատարակութեան ծախսերը ստանձնած են հեղինակին երեք զաւակները։
Կը նշուի նաեւ, որ յոբելիարին՝ Սարգի Մուրատեանի հեղինակած երգերը իրենց բովանդակութեամբ կը ներկայացնեն ափիւռքահայ մեր կեանքին մէկ հանգրուանը: Այդ շրջանը, որ կրնանք ըսել սփիւռքի թրքական երգերէ ձերբազատուելու շրջանն է, երբ մեր ժողովուրդը սկսաւ հայերէն երգերով արտայայտել իր սիրոյ զգացումները։