image

ԱՄՆ-ն աւելի քան 20 հարուած հասցուցած է Եմէնին

ԱՄՆ-ն աւելի քան 20 հարուած հասցուցած է Եմէնին

ԱՄՆ-ն հարուածած է Եմէնի մայրաքաղաք Սանան եւ քանի մը նահանգներ, որոնց հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ. անոնց թիւը չէ յստակեցուած։ Այս մասին յայտնած է հուսիներուն պատկանող Al Masirah հեռուստաալիքը։

14 յարձակումներով թիրախաւորուած է մայրաքաղաք Սանայի ալ-Սապային նահանգի ալ-Հաֆա շրջանը: Al Hadath հեռուստաընկերութեան տեղեկութիւններով՝ ալ-Հաֆա շրջանին մէջ հիմնական թիրախներէն մէկը հուսիներու ուսումնական ճամբարն էր։

Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգները երեք օդային հարուած հասցուցած է Սանայի նահանգի Նիմ, Մանախա եւ Պանի Հաշիշ շրջաններուն: Բացի այդ, շարք մը օդային հարուածներ հասցուած են ալ-Սաուրա, ալ-Հոտէյտա, ալ-Ճաուֆ շրջաններուն մէջ հուսիներու տեղակայման վայրերուն:

Միացեալ Նահանգները մարտ 15-էն ի վեր կը շարունակէ յարձակումներ իրականացնել Եմէնի վրայ՝ նպատակ ունենալով վերացնել հուսիներու կողմէ Կարմիր ծովուն մէջ Իսրայէլի կամ Իսրայէլի հետ առնչուող նաւերու վրայ դրուած շրջափակումը։