image

Լուրեր Պոլսոյ Վարդուհեան վարժարանէն. Ամառային պտոյտ եւ ամավերջի հունձք

Լուրեր Պոլսոյ Վարդուհեան վարժարանէն. Ամառային պտոյտ եւ ամավերջի հունձք

Պոլսոյ Վարդուհեան վարժարանը ուրախ միջավայրի մը մէջ տուած է այս տարուան իր հունձքը։

Այս մասին«Արեւելք»իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Թօփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի միջնակարգի աշակերտները դպրոցական տարեշրջանի վերջին շաբթուայ ընթացքին ուղեւորութիւն մը կատարեցին դէպի Վոսփորի եւրոպական ափը։ Այս ծիրէն ներս անոնք այցելեցին Ռումելիհիմարի Ս. Սանդուխտ եւ Պօյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցիները։ Այս երկու փուլերուն ալ տղաքը Թաղային Խորհուրդներու ջերմ վերաբերմունքին արժանացան, վառ տպաւորութիւններ ունեցան այս պտոյտէն՝ մանաւանդ, որ եղանակն ալ արդէն ձեռնտու դարձած էր բնութիւնը վայելելու։

Միւս կողմէ, դպրոցի նախակրթարանի բաժնի աշակերտներն ալ դաշտապտոյտ մը իրականացուցին դէպի Եըլտըզի պուրակը։

***

Միւս կողմէ, Թօփգաբուի ընտանիքը նախընթաց օր խանդավառ մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուաւ վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց ոգեւորութիւն։ Շրջանաւարտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։