image

Լուքաշենքոյէն շնորհաւորանք՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին

Լուքաշենքոյէն  շնորհաւորանք՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօ շնորհաւորած է ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի ծննդեան տարեդարձը: Այս մասին յայտնած է Պելառուսիոյ ղեկավարի մամլոյ ծառայութիւնը։

«Ձեր լուսաւորչական աշխատանքը եւ քրիստոնէական աւանդական արժէքներու պաշտպանութեան ուղղուած գործունէութիւնը կը միաւորեն մարդիկ՝ անոնց սրտերուն մէջ ամրապնդելով հայրենիքի հանդէպ սէրը: Դուք արժանի հեղինակութիւն ձեռք բերած էք ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ արտերկրի եկեղեցական, քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ»,- ըսուած է շնորհաւորանքին մէջ։

Լուքաշենքօն ընդգծած է, որ Գարեգին Բ-ին բնորոշ ճշմարտութեան եւ բարոյական հիմքերու պահպանման ձգտումը կը նպաստէ ազգային միասնութեան եւ համերաշխութեան պահպանման, պելառուսական-հայկական երկխօսութեան համակողմանի զարգացման:

Նախագահը կաթողիկոսին մաղթած է քաջառողջութիւն եւ «Աստծոյ զօրակցութիւն՝ իր բարձր ծառայութեան մէջ»։