Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան նախագահած է Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Վարժարանի 45-ամեակի տօնախմբութեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
3էն 4 Մայիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան երկօրեայ այցելութեամբ մասնակից դարձաւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական կեանքին եւ իր հայրական պատգամներն ու օրհնանքները լիաբուռն բաշխեց տեղւոյն հայ զաւակներուն:
Առաջնորդը ընդունուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեանի, եկեղեցւոյ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային միջնակարգ վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Յարութ Մոմճեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեանի կողմէ, որոնց հետ ան ունեցաւ աշխատանքային անմիջական հանդիպում մը:
ԳԶՎ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 45ԱՄԵԱԿԸ
Երեկոյեան, սրբազան հայրը նախագահեց վարժարանի հիմնադրութեան 45ամեակին նուիրուած տօնախմբութեան, որ տեղի ունեցաւ տեղւոյն «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ եւ վարժարանի միացեալ մեծ ընտանիքի անդամներ, շրջանի պատկան մարմիններու, յարակից միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ռոստոմ Այնթապլեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, բարերարներ, բարեկամներ, վարժարանի շրջանաւարտ սերունդներու ազգայիններ, կամաւոր ծառայողներ եւ հրաւիրեալներ:
Յոբելեար վարժարանի շրջանաւարտներու միութեան անդամներէն Նիքոլ Ֆանթինի բացման խօսքէն ետք, առաջնորդը, ընկերակցութեամբ տէր Արցախ Պատոյեանի՝ կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք աւուր պատշաճի խօսքեր արտասանեցին վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան եւ քաղաքի նշանաւոր Giants պէյսպոլի խումբի տնօրէն Զեք Մինասեան: Այս առիթով մեծարուեցաւ վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն Հրակ Գալըպճեան, որ իբրեւ օրինակելի ծնող եւ նուիրեալ ազգային, նիւթաբարոյական գործօն մասնակցութիւն կը բերէ համայնքային կեանքի բարգաւաճման կարեւոր գործին:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը իր առաջնորդական խօսքով եզրափակեց հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը՝ նախ գնահատելով վարժարանի կրթական եւ ազգային կեանքի նուիրեալ պատասխանատուները, տնօրէնուհին եւ ուսուցիչները՝ դիտել տալով, որ վարժարանի յաղթական երթը կը շարունակուի 45 տարիէ ի վեր, շնորհիւ բոլոր այն բաղադրիչներուն, որոնք միասնաբար կը կազմեն համայնքի մեծ ընտանիքը՝ աւելցնելով, որ նուիրեալ այս բաղադրիչները խմբուելով քաղաքին հայ հոգեւոր եւ ազգային կեանքի երկու կարեւոր կռուաններուն՝ եկեղեցւոյ եւ վարժարանին շուրջ, հայ-քրիստոնէական հաւատքով եւ ի գին բազում զոհողութիւններու՝ յառաջ կը տանին համայնքային կեանքը դէպի նոր նուաճումներ, ապա սրբազանը նոր ու լուսաւոր 45ամեակներ մաղթեց բոլորին:
ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԱՄ ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
4 Մայիսի առաւօտեան, առաջնորդ սրբազանը հանդիսապետեց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւը: Իր քարոզին մէջ, առաջնորդը բացատրեց, որ Հայ եկեղեցին Աշխարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակի կը կոչէ Յիսուսի Յարութեան յաջորդած երկրորդ Կիրակին, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ աշխարհի վրայ առաջին մատուռի հաստատման տօնը: Ան փառաբանեց յիշատակը Թադէոս եւ Բարթողոմէոս առաքեալներուն, որոնք Հայաստան բերին Յիսուսի վարդապետութիւնը եւ հիմք հանդիսացան Հայաստանի մէջ քրիստոնէական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան: Շարունակելով՝ սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ առաքելական ծագումին, յատկանիշներուն եւ քրիստոնէական հարուստ աւանդին: