Ֆրանսա- «Արեւելք» նախօրօք գրած էր Փարիզի ահաբեկչութեան հետեւանքով կորսուած 17-ամեայ հայուհիին մասին: Այսօր Լոլա Ուզունեանի մասին եղած Twitter-եան էջին վրայ նկատուեցաւ գրառում մը, ուր կ'ըսուի, թէ Ուզունեան յայտնուած է ահաբեկչութեան զոհ գացածներու շարքին: Նշենք, որ սոյն տեղեկութիւնը նախնական է եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փորձենք պարզել աւելի ուշ: