image

Լիւքսեմպուրկի մէջ. Հայկական համայնքի անդամներու հանդիպում

Լիւքսեմպուրկի մէջ. Հայկական համայնքի անդամներու հանդիպում

Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակէն ներս տեղի ունեցած է Հայկական համայնքի անդամներու հանդիպում, որուն ատկապէս հրաւիրուած է տեղւոյն հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Արմէն քահանայ Մելքոնեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզ հրապարակուող «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Յունիս 16-ին, Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակը հիւրընկալած է հայ համայնքի ներկայացուցիչները։

Հանդիպումին յատկապէս հրաւիրուած է տեղւոյն հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Արմէն քահանայ Մելքոնեան։

Դեսպանութեան գրասենեակի գործերու հաւատարմատար Արփինէ Խաչատրեան  ներկայացուցած է Հայաստան-Լիւքսեմպուրկ յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթը, դեսպանութեան առաջնահերթութիւնները եւ յառաջիկայի ծրագրերը։

Այնուհետեւ Տէր հօր կողմէ ծաւալած է զրոյց՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատամքի, առանձնայատկութիւններու եւ հոգեւոր կեանքի առնչութեամբ։

Հանդիպումը ամփոփուած է քննարկուած հարցերուն շուրջ հարցում-պատասխանի բաժինով։

 

Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները՝ բազմազգ երգչախումբին կատարողութեամբ

Նոյն օրը երեկոյեան, մայրաքաղաքի Աւետարանական եկեղեցւոյ յարկին տակ, «Մարդկային իրաւանց համընդհանուր հռչակագրի» 75-ամեակին նուիրուած համերգի ծիրին մէջ հնչած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։ Այս աշխատանքին մէջ մեծ ներդրում ունեցած է երաժշտագէտ Սերինէ Խաչատրեան։

Կատարումներով հանդէս եկած են Արմէն քհնյ Մելքոնեան, Սերինէ Խաչատրեան եւ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներէ կազմուած երգչախումբը։

Համերգը կազմակերպուած է ACAT Luxembourg միութեան կողմէ, Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակին համագործակցութեամբ։ 

Արմէն քհնյ Մելքոնեան, Սերինէ Խաչատրեան եւ Հայաստանի դեսպանութեան հաւատարմատար Արփինէ Խաչատրեան