image

Եւրոպայի մէջ ամերիկեան խարիսխները բերուած են մարտական պատրաստուածութեան

Եւրոպայի մէջ  ամերիկեան խարիսխները բերուած են մարտական  պատրաստուածութեան

Եւրոպայի տարածքին մէջ գտնուող ԱՄՆ շարք մը ռազմակայաններ բերուած են մարտական պատրաստութեան: Այդ տեղի ունեցած է յունիս 29-ին եւ 30-ին:

Ռազմակայաններու ուժային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացուած է երկրորդ աստիճանի՝ կապուած այն մտավախութիւններու հետ, որ ամերիկեան զօրքերը կամ ռազմակայանները կրնան ենթարկուիլ ահաբեկչական յարձակման: Այս մասին յայտնած է CNN-ը՝ վկայակոչելով երկու անանուն ամերիկացի պաշտօնեայ։

Այս ռազմակայաններուն մէջ, ներառեալ ԱՄՆ բանակի Շթութկարթի կայազօրը, ուր տեղակայուած է ԱՄՆ Եւրոպական հրամանատարութիւնը (USEUCOM), յունիս 30-ին զինուած ուժերու պաշտպանութիւնը հասցուած է «Չառլի» մակարդակի։ Ըստ ԱՄՆ բանակի՝ այս մակարդակը կ՚օգտագործուի «երբ միջադէպ տեղի կ՚ունենայ կամ կայ հետախուզական տեղեկատւութիւն, որ կը վկայէ ռազմական անձնակազմի կամ կայաններու վրայ յարձակման կամ ահաբեկչութեան հաւանականութիւնը»:

CNN-ի աղբիւրներէն մէկը, որ կը գտնուի Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ ռազմակայաններէն մէկուն մէջ, ընդգծած է, որ սպառնալիքի այս մակարդակն իրենց մօտ չէր յայտարարուած «առնուազն 10 տարի»։

«Այդ կը նշանակէ, որ զինուորականները տեղեակ են լուրջ սպառնալիքի մասին», -ըսած է ան: