image

Պոլսոյ մէջ. Հայկական Շիշլիի Մարզական ակումբը դարձեալ կը փայլի

Պոլսոյ մէջ. Հայկական Շիշլիի Մարզական ակումբը դարձեալ կը փայլի

Շիշլիի Մարզական ակումբի ֆութսալի խումբը երրորդ տարին անընդմէջ լիկի ախոյեան հռչակուած է, իրաւունք շահելով Թուրքիան ներկայացնելու եւրոպական մրցաշարքերու մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Շիշլիի Մարզական ակումբի ֆութսալի խումբը երրորդ տարին անընդմէջ լիկի ախոյեան հռչակուեցաւ, իրաւունք շահելով Թուրքիան ներկայացնելու եւրոպական մրցաշարքերու մէջ։

Եզրափակիչ խաղերուն մէջ կարեւոր յաղթանակներ տանելէ ետք, Շիշլիցիներ երէկ վերջին մրցումը ունեցան «Պիւյիւք Պինկէօլ-1981» մարզական ակումբի խումբին դէմ։ Խաղը կը կայանար «Պինկէօլ Քարշըեաքա» մարզասրահին մէջ։

Շիշլիցի մարզիկները յամառ պայքարի մթնոլորտին մէջ յաջողեցան առաւելութեան հասնիլ եւ մինչեւ վերջին վայրկեանները 4-3 արդիւնքով մօտ էին յաղթանակին։ Մինչ բոլորը կը սպասէին մրցավարի սուլիչի ձայնին, վերջին գնդակը անցաւ մրցակից խումբին, երկու փոխանցումէ ետք երբ սուլիչի ձայնը արդէն հնչած էր, հակառակորդ խումբի մարզիկը գնդակը ուղարկեց շիշլիցիներու բերդէն ներս, բայց կոլը չարձանագրուեցաւ։

Յաղթանակի պահը հասած էր, բայց... միջադէպ մը ստուեր թողուց այդ ուրախութեան վրայ։ Հակառակորդ խումբի մարզիկ մը գլխու ուժեղ հարուած մը իջեցուց շիշլիցի մարզիկներէն մէկուն գլխուն։ Ան գետին տապալեցաւ, բժշկական առաջին օգնութեան խումբը անոր մօտ փութաց, ոստիկաններ մտան սրահ, բախումները կանխելու համար, սրահին մէջ անբաղձալի վիճակ մը ստեղծուեցաւ։

Ուրախութիւնը իր տեղը թողուց ընդվզումի ալիքի մը։ Երկու խումբերու մարզիկներն ալ բորբոքած կիրքեր ունէին։ Ժամանակ պէտք եղաւ մինչեւ որ բոլորը հանդարտեցան, շիշլիցի մարզիկը կրցաւ ոտքի ելլել, փարատելով ակումբի վարիչներու եւ իր խմբակիցներու մտահոգութիւնները։

Այս ախոյենութիւնը Եւրոպայի ախոյեաններու լիկէն ներս Թուրքիան ներկայացնելու իրաւունք շահեցուց Շիշլիցներուն։

Կը շնորհաւորենք։