image

Պոլսոյ մէջ. Շիշլի հայկական մարզակումբի մարզիկներու ճամբարը՝ Հէյպէլի կղզիին մէջ

Պոլսոյ մէջ. Շիշլի հայկական մարզակումբի մարզիկներու ճամբարը՝  Հէյպէլի կղզիին մէջ

Շիշլի մարզակումբը ամրան դասընթացքներուն զուգահեռվեր սկսած է կազմակերպել ճամբարներ։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս այս մասին կը գրէ՝

Շիշլի մարզակումբը այս ամրան վերսկսած է կազմակերպել ճամբարներ։ Ամրան դասընթացքներուն զուգահեռ նախատեսուած է այս աշխատանքը։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի մարզիկները Հէյպէլի կղզիի մէջ ամառնային ճամբարի մը մասնակցելու փորձառութիւնը ունեցան՝ հեղինակաւոր մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ։ Քառօրեայ ծրագիրը աւարտին հասաւ երէկ։ Մարզիկները թէ՛ պարապմունքներ կատարեցին եւ թէ ընկերային զբաղումներու ձեւաչափին մէջ ունեցան հաճելի ժամանց։

Շիշլիի վարչութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ տարիներուն ալ շարունակել այս նախընթացը, որ ակամայ ընդհատուած էր համավարակի հետեւանքով։