image

Պելառուսիան միջուկային զէնքով կը սպառնայ

Պելառուսիան   միջուկային զէնքով կը սպառնայ

Պելառուսիոյ ընդհանուր սպայակոյտի պետ Պավել Մուրավէյքօն յայտարարած է, որ հանրապետութեան «ինքնիշխանութեան» եւ «անկախութեան» սպառնալիքի պարագային մարտավարական միջուկային զէնք պիտի կիրառուի։ Այդ մասին յայտնած է պելառուսական «ՊԵԼԹԱ» պետական ​​գործակալութիւնը։

«Վերջին փաստարկներէն ու թեզերէն մէկը, որ հանդէս կու գայ որպէս զսպող գործօն, մեր երկրի տարածք ոչ ռազմավարական միջուկային զէնքի վերադարձն է։ Մենք սորված ենք ինչպէս վարուիլ այդ զէնքի հետ, կրնանք վստահօրէն այն կիրառել: Եւ չկասկածիք, որ կ՚ընենք, եթէ վտանգուի մեր երկրի ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը»,- յայտարարած է բարձրաստիճան զինուորականը: