-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք շաբաթ օր ստեղծուած վիճակը՝ Պէյրութի մէջ։
Հիմա վիճակը միաժամանակ ծիծաղելի եւ միւս կողմէ ալ լալիք է, որովհետեւ նոյն խումբի մարդիկ իրար հետ չեն համաձայնիր, ղեկավարները աթոռակռիւի ետեւէն են, կարծես ուրիշ մոլորակի վրայ կ'ապրին, քաղաքը կ'այրի, շուկան ամենապարզ դեղորայքի պակասը սկսած է երեւալ, օրինակ՝ սրտի մեքենաներու բարդերը (պաթարիա) չկայ շուկան, կրնա՞ք պատկերացնել ինչքան մարդ կրնայ մահանալ, եւ դեռ իրենք աթոռի կռիւ կ'ընեն, հոգերնին չէ:
Հիմա ցուցարարներուն մէջ ուրիշ՝ վնասատու մարդիկ մտած են, եւ շատեր կ'ըսեն, որ անոնք Թրիփոլիէն եկած են։ Անշուշտ 3-րդ 4-րդ կողմեր սկսած են խառնուիլ, վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ, չենք գիտեր, շատ մութ է վիճակը:
Մարդիկ կը սպասեն, որ 48 ժամէն նոր կառավարութիւն կազմուի, սակայն այդ ալ հարցական է։ Այսօր Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ինձ կը տանի դէպի 70-ականներ ու կը յիշեմ յատկապէս 1975 թուականը, երբ լիբանանեան բանակը պիտի տարածուէր մայրաքաղաքին մէջ, որ զինեալ պաղեստինցիներուն եւ տեղական միլիցներուն միջեւ սկսած բախումները դադրեցնեն, սակայն բանակը չգնած այդ կարեւոր քայլին այն պատճառով, որ օրուայ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէն դէմ էր այդ քայլին... Այսօր կարծես անցեալի այդ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ յուսանք, որ բախումները քաղաքացիական պատերազմի չեն հասցըներ Լիբանանը։
Միջազգային ընտանիքն ալ հիմա զբաղած է Պերլինի վեհաժողովով, Լիպիոյ հարցով, Լիբանանի հարցով զբաղող չկայ: Բայց յայտնի է, որ միջազգային հարթակի վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցող գաղտնի սպասարկութիւններ հետամուտ են, որ երկրին մէջ լարումը մեծնայ եւ անոնք վարագոյրներու ետին նստած փողոցը կը շարժեն, ստեղծելով բաւական մտահոգիչ վիճակ մը։
-Առհասարակ մտահո՞գ էք ապահովական խլրտումներու կամ նոյնիսկ ներքին արիւնահոսութեան խնդրով։
Անձնապէս շատ մտահոգ եմ ապահովական խլրտումներու ուղղութեամբ, որովհետեւ կարծես ներքին ապահովութեան ուժերը, կամ նոյնիսկ ՝ բանակը, դէմ դնելու կամ նոյնիսկ ինքզինք պաշտպանելու հրաման չունին: Ուրիշ բան մը եւս կայ, եթէ երկրին մէջ դրամական վիճակը այսպէս շարունակուի, ապա պետական պաշտօնեաները, ոստիկաններն ու զինուորականները պիտի չկարենան իրենց օրապահիկը ապահովե: Պարզ օրինակ մը տամ, եթէ լոլիկի մածուկին գինը 2500 ոսկիէն հասած է 9500 ոսկիի, եւ վերջին օրերուն արդէն հասած է 11 500 լիբանանեան ոսկի, ապա կրնաք պատկերացնել կացութիւնը: Եթէ հրաշք մը չպատահի, այո՛, արիւնահեղութեան պիտի երթանք:
-Ինչպիսի՞ն է վիճակը Լիբանանի հայկական թաղամասերուն մէջ։
Մինչեւ օրս, հայահոծ շրջաններուն մէջ որեւէ մտահոգիչ բան չկայ, ցոյցերը, խլրտումները մեր շրջաններէն հեռու են: Սակայն, վստահ գիտէք, որ հայկական թաղամասերուն մէջ արդէն մէկ տարիէ աւելի, այսպէս, գաղտնի ձեւով, ոչ բացայայտ գիշերապահութիւններ տեղի կ'ունենան, որոնք սկսած էին շրջանին մէջ սուրիացիներուն կամ քիւրտերուն դէմ դնելու համար, բայց հիմա արդէն ամէն մարդ սկսած է իր շէնքը, տունը պաշտպանել: Մինչեւ հիմա հայերուն վնասող չեղաւ, բայց յաճախ խօսք լսցնելու պէս կ'ըլլայ, թէ՝ հայերը ո՞ւր են, ինչո՞ւ չեն մասնակցիր եւ այլն: Հայութիւնն ալ կարծես այդ խօսքերուն անուղղակի պատասխան մը տուաւ, որովհետեւ այսօր մեծ թիւով հայեր արդէն սկսած են գաղթել դէպի արտասահման, ընդհանրապէս մեծամասնութիւնը կ'ուղղուի հայրենիք, մնացածը՝ այլուր՝ Աւստրալիա, Ֆրանսա, Ամերիկա, Գանատա: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ Գանատան միշտ ալ փախստականներու համար որ դուռերը բացած է եւ մեծ թիւով հայեր սկսած են դուրս ուղղուիլ:
-Այս ընթացքը եթէ շարունակուի, Լիբանանը կրնա՞յ փլուզուիլ։
Լիբանանը արդէն փլուզման սեմին է. նոյնիսկ մեծ տարերքներու ժամանակ լիբանանեան լիրան կամ դրամատուները երբեք այսպիսի ծանր կացութեան չէին մատնուած: Այսօր չենք գիտեր, թէ տնտեսական այս վիճակը ինչքան կը դիմանայ, ժողովուրդը եթէ նոյնիսկ դրամ ունի, այդ դրամն ալ իր ձեռքը չէ, որովհետեւ մենք շատ լաւ գիտենք, որ լիբանանցիք իրենց դրամները դրամատուներու մէջ կը պահեն, եւ դրամատուները տոկոսներ եւ տարբեր դիրութիւններ կու տային: Բայց հիմա երկիրը փլուզման մէջ է, հրաշք մը միայն մեզ կրնայ փրկել այդ վիճակէն, մանաւանդ, եթէ տարբեր մոլորակի վրայ գտնուող մեր ղեկավարները չարթննան իրենց թմբիրէն եւ կամ շարունակեն լսել այդ խօսքերը, թէ՝ մի վախնաք, դիմացէք, երկար շունչ առէք, բան մը պիտի չըլլայ ձեզի, այո՛, կրնայ փլուզուիլ եւ այն ամբողջը, որ Հարիրիի շրջանին վերաշինուեցաւ, կրնայ քանդուիլ:
-Ձեր կարծիքով ո՞վ կրնայ իրական լուծում մը տալ Լիբանանին։
Միայն լիբանանցիներու ներքին համաձայնութիւնն է, որ կրնայ լուծել Լիբանանի առաջ ծառացած հարցերը։ Ժողովրդային այս պոռթկումը լաւ էր, բայց դժուարը այն է, որ շարժումը ղեկավարութիւն չունեցաւ. հիմա կրնանք ըսել, որ շարժման մէջ մտած են կասկածելի տարրեր, որոնք կը փորձեն երկիրը քաոսի տանիլ։ Մենք այդ վիճակին ականատես եղանք անցնող օրերուն ու եթէ այդ վիճակները շարունակուին, ապա երկիրը լաւ տեղ պիտի չերթայ...
Միւս կողմէ երկրի քաղաքական աւագանին այլ աշխարհի մէջ է:
Իմ կարծիքով լուծում գտնելը միայն լիբանանցիներէն կախեալ չէ, դուրսէն անպայման պէտք է միջամտութիւն մը ըլլայ: Բայց դուրսի միջամտութիւնը, բոլորս ալ գիտենք, որ որոշ պահանջներու դիմաց պիտի ըլլայ. արեւմտեան աշխարհը առաջին հերթին պիտի ուզէ «Հըզպալլա»ն ընկճել, իսկ արեւելեան ճակատը տակաւին յստակ յայտ մը չէ ներկայացուցած, թէ ինչ պահանջներ կամ ակնկալութիւններ ունի։ Այսօրուայ սակարկութիւնը կարծեմ այն է, թէ՝ միջազգային ճատրակի սեղանին վրայ եթէ Լիբանանը ասոր կամ անոր տրուի, դիմացը ի՞նչ պիտի առնուի: Իսկ թէ այդ «պազար»ը ինչո՞վ կը վերջանայ՝ ամենալաւ գուշակն անգամ չի գիտեր: