Իսրայէլ ստիպուած է ռազմական գործողութիւններ իրականացնել միաժամանակ քանի մը ճակատի վրայ՝ միեւնոյն ժամանակ գտնուելով մեծ միջազգային ճնշման ներքոյ, սակայն չի հրաժարիր իր նպատակներէն։
Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան հետ հանդիպման, գրած է Times of Israel-ը:
«Իսրայէլ պետութիւնը բարդ արշաւ կը տանի բազմաթիւ ճակատներու վրայ։ Մենք կը կռուինք հարաւի մէջ, հիւսիսի մէջ եւ այստեղ՝ Հրեաստանի եւ Սամարիայի մէջ (Իսրայէլի կողմէ Յորդանան գետի արեւմտեան ափի անուանումը-Խմբ.): Այս ջանքերը կը ձեռնարկուին մեր վրայ բարդ միջազգային ճնշման պայմաններու մէջ։ Բայց ես կրնամ ձեզի վստահեցնել մէկ բան. այն, ինչ նախապէս էր, այլեւս պիտի չըլլայ, մենք պիտի փոխենք այս իրականութիւնը», -ըսած է Նաթանիահուն, որու խօսքերը տարածած է վարչապետի գրասենեակը։
«Ես կ՚ապաւինիմ մեր զինուորներուն, հրամանատարներուն եւ անվտանգութեան ուժերուն՝ Իսրայէլն անվտանգ պահելու համար», -աւելցուցած է ան: