image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ. Երեսփոխան Միշէլ Էլիաս Մըրի Պսակի արարողութիւնը (Լուսանկար, Տեսանիւթ)

  Լիբանանի մէջ. Երեսփոխան Միշէլ Էլիաս Մըրի Պսակի արարողութիւնը (Լուսանկար, Տեսանիւթ)

Օրերս Լեռնալիբանանի Պթըխրին գիւղաւանին մէջ տեղի ունեցած է Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ Միշէլ Էլիաս Մըրի ընդ Ֆրէտէրիքա Ֆրամի պսակադրութեան արարողութիւնը։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ լիբանանեան աղբիւրներէ։

Յիշեցնենք, որ Միշէլ Մըր որդին է լիբանանցի քաղաքական հանրայայտ գործիչ եւ ներկայիս «Ինթէրբոլ»ի պատասխանատու Էլիաս Մըրի։

Լիբանանահայ մեր ընթերցողները գիտեն Էլիաս Մըրի ու անոր հանգուցեալ հօր՝ Միշէլ Մըրի (պսակուող երեսփոխանին մեծ հայրը)՝ հայութեան հանդէպ ունեցած ջերմ զգացումները ու ամենատարբեր փուլերուն Մըր ընտանիքին ու հայութեան (ի մասնաւորի՝ ՀՅԴաշնակցութեան հետ) ամուր կապերն ու երկար տարիներու աւանդ ունեցող համագործակցութիւնը։

Մըր ընտանիքը նոյնպէս կը համարուի Մեթնի (Լեռնալիբանան) ամէնէն յայտնի ընտանիքներէն ու նաեւ Յոյն Ուղղափառ Համայնքի կարեւորագոյն բաղկացուցիչներէն մին։