Չարլի Քէյեան Համագաղութային Հայ վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբեր 26-ին Սանթիկեաններու խաղողի այգիին մէջ տեղի պիտի ունենայ աւանդական «Փրփուր» արարողութիւնը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի վարժարանին։
ՖՐԵԶՆՕ.- Չարլի Քէյեան Համագաղութային Հայ վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ իր աշակերտներու եւ ուրիշներու մասնակցութեամբ՝ գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով մը պիտի ներկայացուի Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26ին, երեկոյեան ժամը 6ին սկսող եւ Սանթիկեաններու խաղողի այգիին մէջ տեղի ունենալիք աւանդական «Փրփուր» արարողութիւնը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի վարժարանին։
Սանթիկեանները տարեկան աւանդութեան վերածած են իրենց այգիին մէջ (4527 South Highland Avenue, Del Rey, CA 93616) կազմակերպուող «Փրփուր» արարողութիւնը։
Տոմսեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան առիթներու ծանօթանալու համար այցելել ckacsevents կայքը։