image

Լիբանանեան ֆութպոլի մարզադաշտը՝ «Պատերազմի դաշտ».(Տեսանիւթ)

Լիբանանեան ֆութպոլի մարզադաշտը՝ «Պատերազմի դաշտ».(Տեսանիւթ)

Այսօր յետմիջօրէին տեղի ունեցող ֆութպոլի խաղը վերածուած է բառիս բուն իմաստով՝ ճակատամարտի։

Այս մասին լուր հաղորդող աղբիւրներ կը նշեն, որ «Ալ Ահտ» եւ «Անսար» խումբերուն միջեւ ընթացող խաղը վերածուած է բաց ճակատումներու։

 Համակիրներ կոտրած են Ժունիէ շրջանին մէջ գտնուող մարզադաշտի աթոռները եւ զանոնք նետած են դէպի խաղադաշտ։ Կողմերը նաեւ բախումներու բռնուած են իրար հետ։Նշենք, որ երկու տարբեր քաղաքական դիրքաւորումներ ունեցող խումբերու համակիրները առաջին անգամը չէ, որ նման տխուր պատկեր մը կը ստեղծեն խաղադաշտին մէջ։

Խաղին արդիւնքը եղած է 3-2 ի նպաստ «Ալ Ահտ» խումբին եւ այդ ընթացքով նշեալ խումբը պիտի դառնար ախոյեան։