Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Միացեալ Նահանգներու մէջ անվտանգութեան խափանման զոհ դարձած է․ Քանզըս Սիթիի մէջ կայանալիք Աշխարհի ախոյեանութեան առաջին մրցումին ընդառաջ, մարզումէն առաջ գողցուած են խումբի խաղային կօշիկները, մարզումներու համար նախատեսուած գնդակները եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ։
Այս մասին կը հաղորդեն բրիտանական լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ գողութիւնը տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ սարքաւորումները խումբի Ֆլորիտայի նախամրցաշարային ճամբարէն կը տեղափոխուէին Միսուրի նահանգի Սվոուփ Ֆութպոլային գիւղի մարզական ճամբար։
Նշուած է նաեւ, որ Քանզըս Սիթիի ոստիկանութիւնը կը հետաքննէ միջադէպը եւ հաստատած է, թէ երկու կասկածեալներ ձերբակալուած են։
Ոստիկանութեան խօսնակը Guardian-ին ըսած է. «Կասկածեալ երկու անձ ձերբակալուած է՝ հետագայ քննութեան համար»։
Հաւաքականի անձնակազմը հրատապ կերպով կը փորձէ փոխարինել գողցուած իրերը, որ Յունիս 17-ին Խրուաթիոյ դէմ կայանալիք մրցումին նախապատրաստութիւնը չձախողի։
Աշխարհի ախոյեանութիւնը կը կազմակերպուի Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքոյի եւ Գանատայի մէջ՝ յունիս 11-էն մինչեւ յուլիս 19։ Անգլիոյ հաւաքականը խմբային փուլի ընթացքին պիտի մրցի Խրուաթիոյ, Կանայի եւ Փանամայի հաւաքականներու դէմ։