image

Լիբանանեան 80 տարեկան թերթը հրապարակուած է սպիտակ էջերով

Լիբանանեան 80 տարեկան թերթը հրապարակուած է սպիտակ էջերով

Լիբանանեան «Ալ-Նահար» պարբերականը այսօրուան իր թիւը ամբողջութեամբ սպիտակ էջերով հրապարակած է: Թերթի ճակատին տպագրուած է պարբերականի անունը, ինչպէս նաեւ թերթի երբեմնի խմբագիր, նահատակ Ժըպրան Թուայնիի լուսանկարը :

Ըստ լրատուական աղբիւրներու, մինչեւ այս պահը պատճառները յայտնի չեն , թէ ինչու «Նահար» այս քայլին դիմած է:

Իր կագին լիբանանեան «Վիտիալ» կայանը կը յայտնէ, որ Լիբանանի մէջ տպագրական մամուլը կանգնած է, յատկապէս, նիւթական դժուարութիւններու առջեւ եւ «Նահար» այս քայլին դիմած է ահազանգ հնչեցնելու, որ թերթը այդ պատճառներուն հետեւանքով կրնայ ընդհանրապէս փակուիլ:

Յիշեցնենք, որ լիբանանեան մամուլի շրջանակներուն մէջ առաջատար դիրք ունեցող 80-ամեայ «Ալ-Նահարը» կը համարուի ազատ խօսքի կարեւոր ամպիոններէն մին: