image

Լիբանանցի ընտանիքի մը ողբերգութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ

Լիբանանցի ընտանիքի մը ողբերգութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ

Թուրքիան  հարուածած  մահաղէտ  երկրաշարժին հետեւանքով Լիբանանցի ընտանիքի մը  երկու անդամները փրկուած են, մինչ ընտանիքի մօր պարագան կը շարունակէ մնալ անորոշ։

Խօսքը Մոհամմատ Շամմայի եւ անոր որդւոյն մասին է, որոնք փրկուած են գտնուելէ ետք Անտիոքի մէջ գտնուող  պանդոկի մը փլատակներուն տակէն։

 Այս մասին տեղեկութիւնը հաստատած է Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան ՝ Ղասսան Մուալէմ, որ նաեւ ըսած է, թէ կան այլ լիբանանցիներ, որոնք մինչեւ այս պահը որոնման տակ են։

Ինչ կը վերաբերի կնոջ՝  Սուզան Ասհատին ապա անոր ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ եւ մինչ կարգ մը աղբիւրներ կը գրեն, թէ ան մահացած է, անդին կայանը կը հաղորդէ, թէ ան որոնման տակ է։