image

Լիբանան. Իրանեան «ոսկեդար»ը աւարտած է՞

Լիբանան. Իրանեան «ոսկեդար»ը  աւարտած է՞

Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Ալի Խամէնիի խորհրդական Ալի Լարիժանիի վերջերս կատարած այցելութիւնը Պէյրութ, եւ անոր շուրջ ծաւալած քննարկումները, բացին նոր էջ մը Իրանի եւ Լիբանանի յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ։ Այցը, որ արտաքին տեսքով կարելի էր ներկայացնել որպէս սովորական դիւանագիտական կապերու ամրապնդում, ըստ էութեան վերածուեցաւ քաղաքական ու հանրային դաշտի ծաւալուն ու յաճախ ալ «կրքոտ« բանավէճի։

Այցելութեան նախապատմութիւնը արդէն հետաքրքրական է։ Երբ Լարիժանիի օդանաւը Պաղտատէն ճամբայ ելաւ դէպի Պէյրութ, Սուրիոյ իշխանութիւնները արգիլեցին, որ ան Սուրիոյ օդային տարածքով հասնի Լիբանան։ Այս անսպասելի քայլը ստիպեց իրանեան կողմը փոխել ուղին եւ, Սուրիոյ փոխարէն, անցնիլ Թուրքիոյ վրայով։ Այս մանրամասնութիւնը, որ գուցէ արտաքին դիտողին համար երկրորդական թուի, իրականութեան մէջ շատ աւելի խօսուն է, քան բազմաթիւ յօդուածներ։ Ակնյայտ է, որ Թեհրան-Դամասկոս կապերուն մէջ գոյացած են որոշ ճեղքեր, եւ Իրանի տարածաշրջանային ազատ տեղաշարժը այլեւս այն չէ, ինչ եղած էր տարիներ առաջ։

Պէտք է յիշել, որ ժամանակ մը առաջ Իրանի քաղաքական վերնախաւը յոխորտալով կը յայտարարէր, թէ իրենց վերահսկողութեան տակ կամ ազդեցութեան դաշտին մէջ գտնուող մայրաքաղաքներն են Թեհրանէն զատ՝ Դամասկոս, Պէյրութ, Սանհա եւ Պաղտատ։ Այսօր, սակայն, այդ «չորս»էն մնացած է միայն երկուքը, եւ հաւանական է, որ մօտ ապագային այդ երկուքն ալ ստիպուած ըլլան վերադառնալ իրենց բնական ինքնուրոյն կացութեան։ Իրանի տարածաշրջանային ազդեցութեան գերագնահատումը միշտ ալ սխալ եղած է, ներառեալ՝ Հայաստանի քաղաքական որոշ շրջանակներու համար։

Լարիժանիի Պէյրութ կատարած այցին նպատակը, ըստ լիբանանեան աղբիւրներու, ուղղակիօրէն առնչուած էր Լիբանանի կառավարութեան վերջին որոշման հետ։ Ըստ այդ որոշման՝ «Հիզպուլլահ»ը պարտաւոր է մինչեւ տարեվերջ յանձնել իր զէնքը երկրի օրինական մարմիններուն։ Այս որոշումը, որ կը կոտրէ տասնամեակներու status quo-ն, դժուար է ընդունելի համարել «Հիզպուլլահ»-ի եւ անոր հովանաւորող Իրանի համար։ Այստեղէն ալ կը ծագի այցելութեան գլխաւոր շարժառիթը՝ փորձել ազդել Լիբանանի քաղաքական ղեկավարութեան վրայ եւ մեղմացնել կամ յետաձգել որոշման գործադրութիւնը։

Սակայն, այցելութեան ընթացքը եւ անոր ընդունելութեան մակարդակը Պէյրութի մէջ կտրուկ տարբեր էին Թեհրանի ակնկալութիւններէն։ Բազմաթիւ լիբանանեան թերթեր այցելութիւնը բնորոշեցին որպէս «տապալած»։ Այդ տպաւորութիւնը ոչ միայն ծնունդ առաւ հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու սառն կեցուածքէն, այլեւ ուժեղացաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աունի աննախադէպ յայտարարութեամբ։

Նախագահ Աուն, առանց դիւանագիտական ձեւականութիւններու, յայտնեց՝ «Կը մերժենք որեւէ միջամտութիւն Լիբանանի ներքին գործերուն մէջ, որ կողմէ ալ որ գայ այդ մէկը։ Կ՛ուզենք, որ լիբանանեան դաշտը մնայ ապահով եւ կայուն՝ բոլոր լիբանանցիներու շահերուն համար, առանց խտրականութեան։ Վերջին շրջանին որոշ իրանցի պատասխանատուներէն Լիբանանի հարցերուն մասին հնչեցուած խօսքերը առնուազն օգտակար չեն»։

Այս խիստ եւ ուղիղ կեցուածքը, որ հակադրութեան մէջ է անցնող երեսուն տարիներու ընդհանուր լռութեան կամ մեղմութեան հետ, ցոյց կու տայ, որ ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլեւ ամբողջ շրջանին մէջ ուժային հաւասարակշռութիւնները փոխուող ընթացքի մը մէջն են։ Աունի խօսքերը, քաղաքական դիտորդներու կարծիքով, կրնան նշանաւորել նոր փուլ մը, ըստ որուն Պէյրութը կը փորձէ ազատուիլ արտաքին ուժերու ուղիղ վերահսկողութենէն եւ աւելի ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութիւն որդեգրել։

Մեծ «կենսագրութիւն»

Իրանի եւ Լիբանանի յարաբերութիւնները խոր  արմատներ ունին։ 1980-ական թուականներուն, Իրանի Իսլամական յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, Թեհրանն սկսաւ երեւելի եւ աշխոյժ աջակցութիւն ցուցաբերել նոր ձեւաւորուող շիիթական զինուած խումբերուն՝ որոնք հետագային համախմբուեցան «Հիզպուլլահ»-ի դրօշին տակ։ Տասնամեակներ շարունակ, Իրան ռազմական, ֆինանսական եւ գաղափարական օժանդակութիւն ցոյց տուաւ այդ կազմակերպութեան, որ դարձաւ ոչ միայն Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան գլխաւոր խաղացողներէն, այլեւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու առանցքային գործիք Թեհրանի ձեռքին մէջ։

«Հիզպուլլահ»-ի դերակատարութիւնը

«Հիզպուլլահ»ը, որ ծնունդ առաւ իբրեւ «դիմադրական շարժում» (Իսրայէլի դէմ), այսօր ունի լայնածաւալ քաղաքական ներկայութիւն Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, վերահսկելով կարեւոր նախարարութիւններ եւ ազդեցութիւն ունենալով պետական որոշումներուն վրայ։ Սակայն, անոր զինուած թեւը մնաց մշտական հակասութեան կեդրոն՝ լիբանանեան ներսի եւ միջազգային հանրութեան միչեւ։ Նոր կառավարութեան որոշումը՝ զինաթափել կազմակերպութիւնը, կը նշանակէ լուրջ մարտահրաւէր Իրանի համար, որովհետեւ ան կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր ամենահզօր դաշնակիցը Միջին Արեւելքի հիւսիսային ափին։

Այցի ձախողման մասին խօսելու առիթ տուող ուրիշ հանգամանք մըն ալ այն էր, որ Լիբանանի մէջ «Հիզպուլլահ»-ի հակառակորդները այս այցը գործածեցին որպէս քարոզչական միջոց՝ ընդգծելու, թէ Իրանի քաղաքական ազդեցութիւնը մաշման ընթացքի մէջ է։ Իրանի կողմէ լիբանանեան ներքին քաղաքականութեան մէջ «ձեւաւորուելիք» նոր խաղը, ինչպէս նշեցին որոշ վերլուծաբաններ, կրնայ երկիրը դնել աւելի մեծ վտանգներու դիմաց։

Տարածաշրջանային այս շարժերը նաեւ յստակ ազդանշաններ կը հաղորդեն Հայաստանի եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի համար։ Իրանի ներգրաւուածութիւնը մերձաւորարեւելեան հակամարտութիւններուն մէջ, իր սահմանափակուող շարժման դաշտը եւ ներսէն աճող դժգոհութիւնը կրնան ազդել նաեւ Թեհրանի ընդհանուր արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններուն վրայ։ Այդ պատճառով ալ, Իրանի դերը եւ իրական կարողութիւնները ճշգրիտ գնահատելը կենսական նշանակութիւն ունի՝ թէ՛ տարածաշրջանային գործընկերներու, թէ՛ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար։

 Աւարտին, կարելի է արձանագրել, որ Ալի Լարիժանիի Պէյրութ կատարած այցելութիւնը դարձաւ ոչ միայն լիբանանեան-իրանական յարաբերութիւններու ներկայի «հայելի»ն, այլեւ ապագայի հաւանական զարգացումներու իրական ցուցանիշ։ Սուրիոյ օդային տարածքի արգելքը, լիբանանեան ղեկավարութեան սառն ընդունելութիւնը եւ նախագահ Աունի ուղիղ յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ Թեհրանի ազդեցութեան «ոսկեդարը» վերջացած է։ Իսկ Լիբանանը, որ տասնամեակներ շարունակ գտնուած է արտաքին ուժերու ազդեցութեան տակ, կարծէք պատրաստ է աւելի ինքնուրոյն ուղի որդեգրել՝ հակառակ այն վտանգներուն, որ այդ ճանապարհը կրնայ պարունակել։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...