Շարահիւսութիւն
Դերբայներ եւ դերբայակերպներ (գ)
--madan/meden
Աւելնալով բայարմատին վրայ՝ ցոյց կու տայ այնպիսի գործողութիւն, որուն չկատարումի, տեղի չունենալու պայմաններուն մէջ ընթացք կ’առնէ դիմաւոր բայի գործողութիւնը. օրինակ՝
Izin almadan içeri girdi.
Հրաման չառած՝ ներս մտաւ:
Այս ածանցը գումարն է ma ժխտական մասնիկի եւ dan բացառականի մասնիկին: Բոլորովին ճշգրիտ հայերէն համարժէքը չունինք. մերոնք կը ջանան յաճախ տառացի թարգմանել «չառածէն», երբեմն ալ՝ «չառնելէն». երկուքն ալ թերի են:
Հայեցի համարժէքը «առնելէ առաջ» է: Իսկ այսօր ընդունուած է արդէն «չառած» ձեւը, որ յառաջացած է թրքերէնին պատշաճելու մղումէն եւ այդպէս ալ նուիրականացած է: Հաւանաբար աւելի գործնական է քան հայեցի «առնելէ առաջ»-ը:
Çocuklar gelmeden bu konuyu değiştirelim.
Մանուկները չեկած՝ այս նիւթը փոխենք:
Usanmadan bütün gün çalışdılar.
Առանց ձանձրանալու ամբողջ օր(ը)[1] աշխատեցան:
Bu yemeğı bıkmadan yiyebilirsiniz.
Այս կերակուրը առանց գանելու կրնաք ուտել:
Madan-ի երկու ձայնաւորներն ալ երկփոփոխ են՝ a կամ e:
Նկատել որ այդ երկու ձայնաւորները միշտ նոյնն են:
--eli, alı
Աւելնալով բայարմատին վրայ՝ կը կազմէ դերբայակերպ մը, որուն գործողութիւնը մեկնակէտ կը հանդիսանայ դիմաւոր բայի ցոյց տուած գործողութեան. օրինակ՝
Seni göreli fikrim dinledi.
Քեզ տեսնելիս միտքս հանգստացաւ:
Ինչպէս կը նկատենք, դերբայը թարգմանեցինք արեւելահայերէնի համակատարով՝ տեսնելիս, որ յարմարագոյնն է. յաճախ կը դիմուի նաեւ գործիականի՝ տեսնելով, կամ՝ տեսնելու շնորհիւ: Ասոնց ոչ մէկը լիովին կը թարգմանէ
göreli-ն. թերեւս վերջին փորձ մըն ալ՝ քեզ տեսնելու(ս) ընդառաջ՝ միտքս հանգստացաւ:
O kız gelin ölalı burnu pek havalı.
Այն աղջիկ(ը) հարս ըլլալէն քիթը շատ օդասուն (է):
Նկատել, որ վերջին օրինակին մէջ դիմաւոր «է» բայը զեղչուած է, եւ նման զեղչը որեւէ ձեւով չ’ազդեր հաղորդումին վրայ:
Մեր թարգմանութիւնը պիտի շահէր, եթէ ըլլալէն դերբային վրայ աւելցնէինք իվեր մակբայը՝ հարս ըլլալէն իվեր: Եւ թրքերէնը շատ յաճախ այդ մակբայը իրօք ալ կ’աւելցնէ այս դերբային վրայ. օրինակ՝
Kış geleli beri yolculuk yapmiyoruz.
Ձմեռ գալէն իվեր ճամբորդութիւն չենք ըներ կոր:
Ուրեմն այս բերուած օրինակներուն մէջ դերբայն ու դիմաւոր բայը տարբեր ենթականեր ունին: Բացառուած չէ, որ անոնք ունենան նոյն ենթական.
Sabahdan kalkali daha bir saniye oturmadın.
Առտուանէ ելլելէ ի վեր դեռ մէկ երկվայրկեան չնստար:
Իր ոճը խնամողը շատ յաճախ այս դերբային վրայ կ’աւելցնէ անոր դիմաւոր ձեւին ընդհանրական անցեալը, ինչ որ խօսքին շատ աւելի մեծ հնչեղութիւն կու տայ. օրինակ՝
Misafir geldi geleli sesin çekildi.
Հիւր(ը) գալէն ի վեր ձայնդ քաշուեցաւ:
Փաստօրէն չյաջողեցանք թարգմանել դերբայական այս կրկնադիր կառոյցը՝ geldi geleli-ն, որովհետեւ հայերէնը չունի անոր համարժէքը:
--ir…ez
Այս մասնիկները, աւելնալով նոյն բայարմատին վրայ, կը կազմեն մակբայակերպ մը, որ որոշ չափով համարժէք է վերը բերուած վերջին՝ կրկնադիր օրինակին սա տարբերութեամբ, որ այստեղ մեկնարկող դիմաւոր բային գործողութիւնը ունի շեշտուած անմիջականութիւն մը՝ յարաբերաբար դերբայի ցոյց տուած գործողութեան. օրինակ՝
Gelir gelmez başladı komşusunu kötülemeye.
Եկած(գալ)-չեկած սկսաւ դրացին չարախօսել:
Gelir-ը gelmek “գալ” բայի ընդհանրական ներկայի եզակի երրորդ դէմքն է, իսկ gelmez-ը նոյնին ժխտականն է. դերբայակերպը ինք դիմազուրկ է. անփոփոխ կը պատշաճի բոլոր դէմքերուն ու թիւերուն: Նոյնպիսի կառոյցներ կու տան՝
alır almaz bakar bakmaz görur görmez der demez
առած-չառած նայած-չնայած տեսած-չտեսած ըսած-չըսած
Այս կառոյցին համարժէք է, գոնէ ձեւաբանօրէն, դերբայներու խոնարհուած ձեւը. օրինակ՝ aldım almadım “առի-չառի”, որ նախորդին վայելչութիւնը չունի. ծանծաղ է:
Արմենակ Եղիայեան