Թրքերէնի բայական համակարգը
Թրքերէնի բոլոր բայերու բոլոր ժամանակները, եղանակները, թիւերն ու դէմքերը ունին իրենց տարբեր ձեւաւորումները, ուր ոչ մէկ բայաձեւ կը նոյնանայ ուրիշի մը հետ, ըսենք՝ հայերէնին պէս:
1. Այս համակարգին մէջ էական բայերը՝ imek “եմ” եւ olmak “ըլլամ”, ունին իւրայատուկ կարգավիճակ մը, թերեւս քիչ մը այլ լեզուներու նմանողութեամբ:
ben (y)im ես եմ olurum կ’ըլլամ
sen sin դուն ես olursun կ’ըլլաս
o dur ան է olur կ’ըլլայ
biz (y)iz մենք ենք oluruz կ’ըլլանք
siz siniz դուք էք olursunuz կ’ըլլաք
onlar dır(lar) անոնք են օlurlar կ’ըլլան
Ուրեմն կը զանազանենք im-եմ բայը, որ կը համապատասխանէ ֆրանսերէնի être եւ անգլերէնի to be բայերուն, եւ olmak-ըլլալ, որ կը համապատասխանէ ֆրանսերէնի devenir եւ անգլերէնի to become բայերուն:
Առաջին դէմքի եզակին ըստ ինքեան im է, սակայն ձայնաւորով սկսելուն պատճառով միջամտած է y ձայնակապը՝ y.im:
Յոգնակի երրորդ դէմքը կազմուած է եզակիին կցելով նոյն անուանական յոգնականացուցիչ ler/lar մասնիկը՝dır.lar…olur.lar ճիշդ ինչպէս կ’ըսուի ev “տուն” – ev.ler “տուներ”, kız “աղջիկ” – kız.lar “աղջիկներ” :
Ըլլալ բայի դիմային վերջերը բոլորովին նոյնն են, միայն թէ ձայնային ներդաշնակութեան թելադրանքով տարբեր կը հնչեն՝ um-un-uz-iz, քանի որ բային հիմքը կը վերջանայ ս հնչիւնով, որ ներդաշնակութեան թելադրանքով կը պահանջէ նոյն ս-ով ածանց մը՝ olur.um (u=u):
Սակայն կայ շատ աւելի հետաքրքականը, որ հետեւեալն է.
Էական բայը կազմող այս այլազան բառաձեւերը, գոնէ աւելի քան կէսը, կը նոյնանան ստացական յօդերու դիմային վերջերով. բաղդատել՝
ev.im im kuzum um
ev.in in kuzun un
ev.imiz iz kuzu.muz uz
ev.iniz iz kuzu.nuz uz
Ըստ այսմ ալ բացառուած չէ, որ շփոթուին բայն ու ստացուածքը. օրինակ՝ kizım հաւասարապէս կը նշանակէ աղջիկս եւ աղջիկ եմ:
Աւելցնենք, որ եմ բայը պակասաւոր է, ճիշդ հայերէնի նման. ներկային կողքին ունի անկատարը եւս՝
ben (i)dim - ես էի sen (i)din - դուն էիր o (i)di - ան էր
Մինչ olmak “ըլլալ” -ը լիարժէք բայ է՝ խոնարհական համակարգի ամբողջական յարացոյցով. ասոնց կ’անդրադառնանք աւելի անդին:
2. Կիրարկութիւն
Թրքերէնը էական բայը ստորոգելիին կցուած կը գրէ. այս ալ կը շեշտէ անոր կախեալ՝ մասնիկային կամ ածանցական նկարագիրը, որուն ակնրկեցինք վերը. այսպէս՝
güzelim գեղեցիկ եմ güzeliz գեղեցիկ ենք
güzelsin գեղեցիկ ես güzelsinis գեղեցիկ էք
güzel գեղեցիկ է güzeller գեղեցիկ են
Ինչպէս կը նկատէք, եզակի երրորդ դէմքի պարագային ակնկալուած բայը՝ dir, կը բացակայի, պարագան նոյնն է յոգնակիին համար: Այսպէս կը խօսի թուրքը, եւ güzel “գեղեցիկ” ստորոգելին առանձին կը նշանակէ «գեղեցիկ է», այնպէս ալ güzel.ler` «գեղեցիկ են», այլ խօսքով՝ ածականը առանձին՝ եզակի կամ յոգնակի, կը կատարէ բաղադրեալ ստորոգիչի պաշտօնը, որ դիմաւոր է:
Այսպէս՝ Bu ceyran çok güzel – Այս եղնիկը շատ գեղեգիկ է:
Bu ceyranlar çok güzel – Այս եղնիկները շատ գեղեցիկ են:
Նկատել ձեւաբանական յատկութիւններու նոյնութիւնը թրքերէնի եւ հայերէնի միջեւ. ցուցական դերանունը երկու պարագաներուն եզակի է, եզակի է ստորոգելին եւս, մինչդեռ ֆրանսերէնն ու անգլերէնը երկրորդ պարագային պիտի կիրարկէին յոգնակի ցուցականներ՝ ces-these, իսկ ֆրանսերէնը պիտի գործածէր յոգնակի ստորոգելի՝ beaux:
Էական բայի բոլոր միաւորները ենթակայ են ներդաշնակութեան բարդ կանոնին. կը փոխուին ըստ ստորոգելիի վերջին ձայնաւորին. օրինակ՝
kızdır (աղջիկ է) - evimdir (տունս է) - boldur (լայն է) - kördür (կոյր է)
Նոյն ձեւով ալ մնացեալ հինգ դէմքերն ու թիւերը:
3.Ժխտական
Էական բային ժխտումը կը կատարուի değil ձեւոյթի` կ’արտասանուի deyil, կցումով էական բային. օրինակ՝
ben güzel değilim ես գեղեցիկ չեմ
sen güzel değilsin դուն գեղեցիկ չես
o guzel değil ան գեղեցիկ չէ
biz guzel değiliz մենք գեղեցիկ չենք
siz guzel değilsiniz դոք գեղեցիկ չէք
onlar guzel değiller անոնք գեղեցիկ չեն
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան