Անցած դարու կէսերուն Պուրճ-Համմուտի հայ մանուկները կը յաջողէին իւրացնել… երեք լեզու, այո, սխալ չէք կարդար, երեք լեզու, իմա՝ գրական հայերէնը, որ էր մասնաւորաբար դպրոցականը, ապա թրքերէնը, որ հայ մեծաթիւ ընտանիքներու մէջ կը խօսուէր գրեթէ հայերէնի յաճախականութեամբ,− իսկ երբեմն ալ՝ շատ աւելի,− եւ վերջապէս բարբառ մը, որ յատուկ էր մասնաւորաբար ընտանիքի տարեցներուն, որոնք եկած էին յատկապէս կիլիկեան քաղաքէ մը կամ կեդրոնական Թուրքիոյ՝ Արեւմտեան Հայաստանի որեւէ մէկ շրջանէն եւ հետերնին բերեր էին տեղական լեզուն, դուք ըսէք՝ բարբառը, առանց հետագային սորվիլ կարենալու գրական հայերէնը:
Հրաչեայ Աճառեան կ’ըսէ, թէ լեզու մը իւրացնելու ամէնէն բուռն ու արդիւնաւէտ ժամանակամիջոցը մանուկի կեանքի առաջին հինգ-վեց տարիներն են, որմէ անդին իւրացումի թափը կը սկսի կոտրիլ, իմա՝ բթանալ: Եւ ան կը շեշտէ, թէ որեւէ մանուկի համար եւ այդ տարիներուն որեւէ լեզու մատչելի է, որքան ալ դժուար ու բարդ քերականութիւն ունենայ տուեալ լեզուն: Առ այս իբրեւ շատ դժուար՝ ան կը թուէ եւրոպական լեզու մըն ալ:
Եւ անշուշտ ոչ առանց տարակոյսի ինքզինքս չեմ կրնար զսպել թեւածելէ դէպի հեռաւոր անցեալի այն դժուար լեզուները՝ լատիներէնը, յունարէնը, առանց մոռնալու… մեր գրաբարը, որոնք արդի սերունդներու այնքան երկար տարիները կը խժռեն՝ առանց կարգին իւրացուելու, առանց ցանկալի արդիւնքի:
Միւս կողմէ, սակայն, կը մտածեմ նաեւ, թէ ինչո՛ւ արդի թոթովախօս հայ մանուկը պիտի կարենայ դիւրաւ ըսել «ծառին վրայ թռչուն մը կայ», իսկ անոր հեռաւոր զարմիկը պիտի չկարենար նոյն դիւրութեամբ ըսել «կայ թռչուն մի ի վերայ ծառին»: Եթէ ձեւաբանօրէն ու շարահիւսօրէն վերլուծենք այս երկու կառոյցները, ապա պիտի անդրադառնանք, թէ անոնք օժտուած են լեզուական նո՛յն բարդութիւններով, որոնք սակայն աննկատ կ’անցնին կամ հեշտութեամբ կը յաղթահարուին, երբ մայրենի լեզուի կարգավիճակ ունին անոնք, այսինքն՝ մանուկը յարատեւ շրջապատուած է անոնցմով եւ կանոնաւորապէս կը լսէ զանոնք, եւ այս պարագային ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի, թէ այդ լեզուն գրաբար է, թէ աշխարհաբար, լատիներէն է, թէ յունարէն:
Փաստօրէն եթէ երկու օտարներ, որոնք ոչ մէկ բառ հայերէն գիտեն, փորձէին սորվիլ՝ մէկը աշխարհաբարը, իսկ միւսը գրաբարը, ապա պիտի նկատենք, որ անոնք պիտի գտնուէին հաւասար դժուարութեան առջեւ, եւ տարրական աշխարհաբարի մը իւրացումը պիտի պահանջէր այնքան ճիգ ու ժամամանակ, որքան համապատասխան գրաբարի իւրացումը:
Արդի լեզուաբաններ աւելի առաջ երթալով օրինակներով կը հաստատեն մէկ ուրիշ իրողութիւն, թէ նոյն մանուկը կրնայ այդ նոյն տարիներուն դիւրաւ իւրացնել երկու լեզու. այսպէս է, օրինակ, պարագան խառն ամուսնութիւններէ ծնած մանուկներու՝ ֆրանսացի-անգլիացի, հայ-արաբ, յոյն-ռուս եւ նմաններ. միակ նախապայմանը այն է, որ տուեալ լեզուները տրամաբանական յաճախականութեամբ կիրարկուին մանուկին շուրջ, եւ ան կանոնաւոր հերթականութեամբ լսէ եւ հետզհետէ կիրարկէ զանոնք:
Իսկ ես պիտի համարձակիմ երթալ աւելի հեռու:
* *
Անցած դարու կէսերուն Պուրճ-Համմուտի հայ մանուկները կը յաջողէին իւրացնել… երեք լեզու, այո, սխալ չէք կարդար, երեք լեզու, իմա՝ գրական հայերէնը, որ էր մասնաւորաբար դպրոցականը, ապա թրքերէնը, որ հայ մեծաթիւ ընտանիքներու մէջ կը խօսուէր գրեթէ հայերէնի յաճախականութեամբ,− իսկ երբեմն ալ՝ շատ աւելի,− եւ վերջապէս բարբառ մը, որ յատուկ էր մասնաւորաբար ընտանիքի տարեցներուն, որոնք եկած էին յատկապէս կիլիկեան քաղաքէ մը կամ կեդրոնական Թուրքիոյ՝ Արեւմտեան Հայաստանի որեւէ մէկ շրջանէն եւ հետերնին բերեր էին տեղական լեզուն, դուք ըսէք՝ բարբառը, առանց հետագային սորվիլ կարենալու գրական հայերէնը:
Եւ այս իւրացումները տեղի կ’ունենային առանց որեւէ յատուկ ճիգի: Պատճառը Պուրճ-Համմուտի դրուածքն էր, որ անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէր եռալեզուեան դրութեան:
Ասոնց մէջ հաւանաբար ամէնէն յատկանշականը թրքերէնի պարագան էր:
Պուրճ-Համմուտի փողոցներուն մէջ, ըսենք՝ մօտաւորապէս, հաւասար տարողութեամբ կը կիրարկուէր թրքերէնն ու հայերէնը. ուրեմն այսպէս էր փողոցը:
Կացութիւնը առհասարակ նոյնն էր աշխատանոցներու մէջ, որոնք այն տարիներուն կը վխտային այնտեղ, երբ գրեթէ բոլոր արհեստները հայուն ձեռքն էին տակաւին:
Մարդաշատ աշխատանոցներու մէջ, օրինակ՝ կօշկակարատուները, համարեա միայն թրքերէն կը խօսուէր՝ հակառակ այն իրողութեան, որ գրեթէ բոլոր արհեստաւորները հայերէն գիտէին: Իսկ թէ ինչո՞ւ այսպէս էր,− չեմ գիտեր, աւելի ճիշդը՝ որոշապէս կը վարանիմ յայտնելու ճշմարտութիւնը, որ հետեւեալն էր. չես գիտեր ինչու, գոյութիւն ունէր թրքերէնը աւելի տիրական, ազդու եւ արտայայտիչ նկատելու բացայայտ հակում մը. կօշկակարները պարզապէս… կ’ամչնային հայերէն խօսելու: Բայց ահա կար նաեւ հետեւեալ երեւոյթը. հասակաւոր վարպետները ինքնաբերաբր հայերէն կը խօսէին մանկահասակ աշկերտներուն հետ, այլ հարց, թէ նման մանուկներու ականջները բաւականաչափ կը լեցուէին թրքերէնով՝ այդպէսով նպաստելով անոնց հետագայ թրքախօսութեան:
Պարագան նոյնն էր այն միւս արհեստանոցներուն, ուր ծառայողներուն թիւը կ’անցնէր մէկ-երկուքը, եւ կլոր հաշուով կարելի է ըսել, որ արհեստաւոր խաւը առհասարակ թրքախօս էր շատ աննշան բացառութիւններով:
Գալով ընտանիքներուն, այստեղ կարելի էր հանդիպիլ հետեւեալ տարբերակներուն.
–Կային ընտանիքներ, ուր միայն թրքերէն կը խօսուէր. թրքերէն կը ստիպուէին խօսելու մատղաշ փոքրիկները եւս, որոնք այլապէս դպրոցը հայերէն կը խօսէին:
–Կային խառնախօս ընտանիքներ, որոնց անդամներուն մէկ մասը թրքերէն կը խօսէր, միւս մասը՝ հայերէն: Այս երկու խաւերուն հաղորդակցութիւնը ինքնաբերաբար թրքերէն տեղի կ’ունենար, քանի թրքախօս անդամը չէր կրնար իր լեզուն փոխել:
–Կային վերջապէս բոլորովին հայախօս ընտանիքներ, նոյնիսկ եթէ անոր անդամներուն մէկ մասը ծանօթ ըլլար թրքերէնին. մեր ընտանիքը այս վերջիններէն էր:
Մեծ մայրս, մայրս ու հայրս շատ լաւ թրքերէն գիտէին, գիտէինք մենք՝ հինգ քոյր ու եղբայր նմանապէս, սակայն միայն հայերէն կը խօսէինք: Բոլորովին հազուագիւտ կը պատահէր, որ երկու մեծ քոյրերս, չես գիտեր ի՛նչ բանէ դրդուած, մէկ-երկու նախադասութիւն գաղտագողի թրքերէն փոխանակէին մեծ մօրս ու մօրս հետ, սակայն անոնք հետեւողականօրէն կը խուսափէին թրքերէն խօսելէ հօրս հետ կամ ներկայութեան, որուն բոլորս մի՛այն ու մի՛միայն հայերէն կ’ուղղէինք մեր խօսքը:
Մեր բոլոր հաւաքական խաղերը տեղի կ’ունենային փողոցը, որովհետեւ տուներուն մէջ հանդիպելու եւ որեւէ բանով զբաղելու հնար չկար: Նախ՝ գրթէ բոլոր տուները կը բաղկանային մէկ սենեակէ, որ այն օրերու բազմանդամ ընտանիքներուն համար հաւասարապէս ննջասենեակ էր, հիւրասենեակ եւ նստասենեակ: Այստեղ ոչ հեռատեսիլ կար, ոչ ձայնասփիւռ, ոչ գիրք, ոչ թնճկախաղ (puzzle), այլ խօսքով՝ ոչ մէկ զբաղում… որ տուներու մէջ պահէին տղաքը,– ու յատկապէս մանչերը,– որոնք իրենց խաղերը կը հնարէին ու կը կազմակերպէին փողոցը: Ահա այստեղ ալ սովորաբար կը կազմուէին երկու տարորորշ խումբեր. ըսենք՝ մօտաւորապէս 5−10 տարեկանները եւ 10−15 տարեկանները:
Ճիշդ արհեստանոցներուն պէս էր այստեղ եւս. փոքրերը առհասարակ հայերէն կը հաղորդակցէին, մինչ «մեծ»-երը, որոնց դունչին վրայ արդէն կ’երեւէին առաջին նախանձելի աղուամազերը, թրքերէն կը խօսէին: Անշուշտ խումբէ-խումբ որոշ չափով կը տարբերէր խաղերու տեսականին եւս, սակայն ուրիշ պատմութիւն է այս:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com